… ԵՒ ՀՐԱՍԱՅԼՈՎ
Արցախի ճակատին վրայ վերջին օրերուն խորապէս մտահոգիչ համեմատութիւններու կը հասնի լարուածութիւնը, որ պայմանաւորուած է Ատրպէյճանի կողմէ հրադադարի խախտումներով։ Կը հաղորդուի, որ Ատրպէյճան-Լեռնային Ղարաբաղ շփման գծին վրայ նախընթաց օր ապրուեցան լուրջ բախումներ, որոնց հետեւանքով նահատակուեցաւ հայ զինուոր մը՝ Գարիկ Աւանէսեան (1991)։ Ատրպէյճանի զօրքերը այս դէպքին ընթացքին Արցախի վրայ կրակեցին հրասայլով։ Հրադադարի հաստատումէն ի վեր առաջին անգամն է, որ Ատրպէյճան կ՚օգտագործէ հրասայլ։ Լեռնային Ղարաբաղի Պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրները յայտնեցին, թէ Պաշտպանութեան բանակի դիրքերու արեւելեան ուղղութեան վրայ պատահած է դէպքը, մի առ մի թուարկելով ազէրի զօրքերուն կողմէ օգտագործուած զինատեսակները։
Ծանրակշիռ այս իրադարձութենէն վերջ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան յայտարարեց, որ հայկական զօրքերը կը զսպեն յարձակումները։ Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ լրագրողներու հետ զրուցելու ընթացքին ան ըսաւ. «Անձնուրաց գործողութիւններու շնորհիւ կը վերահսկուի իրավիճակը»։ Իսկ Հայաստանի Պաշտպանութեան փոխ-նախարար Արա Նազարեան երէկ խորհրդարանի ամպիոնէն յայտնեց, որ Ատրպէյճան կը գործադրէ հերթական սադրանքը։ Նկատի ունենալով, որ յառաջիկայ օրերուն նախատեսուած է նախագահներու միջեւ նոր հանդիպում մը՝ ըստ փոխ-նախարարին, Ատրպէյճան կ՚ընէ բանակցութիւնները խաթարելու փորձ մը։
Լեռնային Ղարաբաղի Նախագահ Բակօ Սահակեանի բանբերը՝ Դաւիթ Պապայեան դէպքէն վերջ յայտարարեց, որ Արցախի դէմ հրասայլերու օգտագործումը Ատրպէյճանի կողմէ ահաբեկչութեան դասական դրսեւորում մըն է։ Մինչ Սէյրան Օհանեան երէկ այս ապրուածներուն շուրջ շփման մէջ անցաւ ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ Անճէյ Կասպրչիկի հետ, Լեռնային Ղարաբաղի Արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեանն ալ Ուաշինկթընի մէջ տեսակցեցաւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի ամերիկացի համանախագահ դեսպան Ճէյմս Ուորլիքի հետ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, զրուցակիցները քննարկեցին բանակցային գործընթացէն ներս առկայ իրավիճակը եւ շեշտեցին շփման գծի վրայ լարուածութեան նուազեցման ուղղեալ քայլերու անհրաժեշտութիւնը։
Միւս կողմէ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարարութիւնն ալ անդրադարձաւ այս վերջին ծանրակշիռ պատահարին։ ԱՄՆ-ի Պետական քարտուղարութեան բանբեր Ճոն Քըրվի յայտարարեց, որ անընդունելի կը համարէ ծանր զինատեսակի կիրառումը Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիէն ներս։ Ան հակամարտ կողմերուն յորդորեց խստօրէն պահպանել հրադադարի դրութիւնը։
Հարկ է նշել, որ հայկական կողմը դժգոհութեամբ կը վերաբերի նման յայտարարութիւններուն, որոնց մէջ համահաւասար վերաբերմունք կը ցուցաբերուի հրադադարը խախտողներուն եւ անոր ենթարկուողներուն նկատմամբ։