ԱՐԱՄ ԽԱՉԱՏՐԵԱՆ ՓԱՌԱՏՕՆԸ ԿԱՅԱՑԱԾ

Հա­յաս­տա­նի Պե­տա­կան ե­րի­տա­սար­դա­կան նուա­գա­խում­բի գե­ղա­րուես­տա­կան ղե­կա­վար ու գլխա­ւոր խմբա­վար Սէր­կէյ Սմբա­տեան նա­խըն­թաց օր Ե­րե­ւա­նի մէջ մամ­լոյ ա­սու­լիս մը սար­քե­լով ամ­փո­փեց՝ վեր­ջերս կազ­մա­կեր­պուած Ա­րամ Խա­չա­տու­րեա­նի չոր­րորդ մի­ջազ­գա­յին փա­ռա­տօ­նը։ Այս տա­րի չոր­րորդ ան­գամ կազ­մա­կերպուած այս փա­ռա­տօ­նի ար­դիւնք­նե­րուն շուրջ Սէր­կէյ Սմբա­տեան խօ­սե­ցաւ դրա­կան։ Ան հա­մո­զուած է, որ Ա­րամ Խա­չա­տու­րեա­նի մի­ջազ­գա­յին փա­ռա­տօ­նը այ­լեւս կա­յա­ցած է եւ ու­նի իր ու­րոյն տե­ղը ե­րաժշ­տա­սէր­նե­րու շրջա­նա­կէն ներս։

«Ար­մէնփ­րէս»ի մամ­լոյ սրա­հին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ Սէր­կէյ Սմբա­տեա­նի մամ­լոյ ա­սու­լի­սը։ Ձեռք­բե­րում­նե­րու շար­քին ան ընդգ­ծեց, որ փա­ռա­տօ­նի ըն­թաց­քին ե­լոյթ­ներ ու­նե­ցած են հան­րա­յայտ ա­րուես­տա­գէտ­ներ, ներ­կա­յաց­նե­լով հե­տաքրք­րա­կան ծրագ­րեր։ «Այդ բո­լո­րը շատ կա­րե­ւոր են մշա­կու­թա­յին կեան­քին հա­մար։ Ու­նինք բա­ցա­ռիկ կա­տա­րում­ներ։ Իւ­րա­քան­չիւր տա­րի կը ձգտինք ա­ւե­լի զար­գաց­ման։ Իւ­րա­քան­չիւր տա­րի կ՚ու­նե­նանք շատ ա­ւե­լի յայտ­նի մե­նա­կա­տար­ներ, շատ ա­ւե­լի բարդ ծրագ­րեր, կա­յուն ժա­մա­նա­կա­ցոյց։ Կը ձգտինք, որ մար­դիկ լսեն նոր ե­րաժշ­տու­թիւն, նոր յօ­րի­նող­նե­րու ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­ներ։ Ու­նինք հա­մերգ­նե­րու առ­ցանց հե­ռար­ձա­կում եւ այս բո­լո­րը կ՚ա­պա­ցու­ցա­նեն փա­ռա­տօ­նի ո­րա­կը», ը­սաւ Սէր­կէյ Սմբա­տեան։

Այս տա­րուան փա­ռա­տօ­նը Ե­րե­ւա­նի մէջ կ՚եզ­րա­փա­կուի այ­սօր՝ ձօ­նուած ըլ­լա­լով Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան ան­կա­խու­թեան 25­-ա­մեայ յո­բե­լեա­նին։ Ըստ Սէր­կէյ Սմբա­տեա­նի, ար­դէն կը պատ­կե­րաց­նենք, թէ ի՞նչ շեշ­տադ­րում­ներ պի­տի ու­նե­նայ 2017 թուա­կա­նի փա­ռա­տօ­նը։ Կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րուն նպա­տակն է աշ­խար­հին ներ­կա­յա­նալ հե­տաքրք­րա­կան մօ­տե­ցում­նե­րով։ Ան յի­շե­ցուց, որ 2017 թուա­կա­նը կը զու­գա­դի­պի աշ­խար­հահռ­չակ ծո­վան­կա­րիչ Յով­հան­նէս Այ­վա­զովս­քիի 200-ա­մեա­կին։ Փա­ռա­տօ­նին նա­խա­ձեռ­նարկ­նե­րը կը պատ­րաս­տուին այն­պէս մը ը­նել, որ բո­վան­դա­կա­յին ի­մաս­տը սերտ կապ ու­նե­նայ Այ­վա­զովս­քիի հետ։ Բաց աս­տի, 2017 թուա­կա­նին այս փա­ռա­տօ­նի շրջա­նակ­նե­րէն ներս նա­խա­տե­սուած են վար­պե­տու­թեան դա­սեր։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 10, 2016