ՀԱՄԲԵՐԱՏԱՐ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչները նախընթաց օր Պրիւքսելի մէջ սարքեցին մամլոյ ասուլիս մը, որու ընթացքին բացատրութիւններ տուին Եւրոպայի մարդու իրաւանց ատեանի (ԵՄԻԱ) մօտ բացուած դատին կապակցութեամբ։ Ինչպէս ծանօթ է, Անթիլիաս կը ձգտի վերաձեռքբերել՝ Սիսի երբեմնի կաթողիկոսարանի տարածքի սեփականութեան իրաւունքը։ Այս նպատակին հասնելու համար նախ դատ բացուեցաւ Թուրքիոյ Սահմանադրական ատեանին մօտ։ Կիլիկեան Աթոռը ակնկալած արդիւնքը ապահոված չըլլալով՝ ներկայ շաբթուան սկիզբին այդ թղթածրարը տեղափոխեց Սթրազպուրկ՝ Եւրոպայի մարդու իրաւանց ատեանին մօտ։
Պրիւքսելի Մամլոյ ակումբի երդիքին տակ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան պաշտօնական ներկայացուցիչները նախընթաց օր այս նիւթին վերաբերեալ խօսեցան՝ երկարաշունչ ու համբերատար գործընթացի մը ազդանշանները փոխանցելով։ Ըստ իրենց, ԵՄԻԱ-ի մօտ հարցին քննարկումը կրնայ տեւել շուրջ հինգ տարի։ Արդարեւ, եւրոպական դատարանը կը գտնուի գերզբաղած վիճակի մը մէջ։