Մնայուն Ցուցասրահ՝ Ֆրեզնոյի Մէջ
Ֆրեզնոյի Պետական համալսարանը քաղաքի Շօ պողոտային վրայ, թիւ 41 ազատուղիէն քիչ մը արեւելք, ունի իր վարչական բաժանմունքի շէնքը, որուն նրբանցքները, սրահն ու քանի մը գրասենեակներ վերջին տարիներուն վերածուած են գեղանկարիչներու ու որոշ չափով հայկական իրաւունքներու արուեստի ճամբով ցուցադրման ժամադրավայրի, իբրեւ արդիւնք մտայղացքին ազնիւ հայորդիի մը, որ կը կոչուի Վարուժան Տէր-Սիմոնեան եւ գործակցութեամբ ու քաջալերանքով համալսարանի յիշեալ կեդրոնի պատասխանատուներուն։
Ըստ Միացեալ Նահանգներու «Ասպարէզ» օրաթերթին, կեդրոնը բաց է աշխատանքի բոլոր օրերուն եւ ժամերուն, անոր նրբանցքներէն, գրասենեակներէն ու սրահներէն կ՚անցնին բազմահարիւր այցելուներ, առաւելաբար ոչ հայ, սրահին մէջ տեղի կ՚ունենան բազմամարդ համագումարներ ու գիտաժողովներ. բոլորը ականատես կ՚ըլլան ցուցադրուած գործերուն։
Ի՞նչ պիտի տեսնէ այցելու մը՝ այս օրերուն։
Կեդրոնի մուտքին, կողքի սրահին մէջ ու նրբանցքին՝ կը ցուցադրուին Ռուբէն (Ռուբիկ) Քոչարեանի գործերը, իւրայատուկ հաւաքածոյ մը. առաջին ակնարկով՝ գեղանկարները ակնդիրին ուշադրութիւնը կը գրաւեն իրենց հարուստ ու վառ գոյներով։ Յաջորդ վայրկեաններուն, այցելուն կ՚անդրադառնայ, որ գրեթէ բոլոր գործերը ներշնչուած են մեր պատմութենէն, սկսելով ուրարտական շրջանէն ու աւանդավէպերէն, ընդգրկելով դիւցազուններն ու հին աստուածներ։ Մեր պատմութեան գլխաւոր դրուագները շարուած են պատերուն. հոն կարելի է հանդիպիլ Հայկ Նահապետին, Արամին ու Արա Գեղեցիկին, Անահիտ դիցուհիին, Արարատ լեռնէն վար իջած՝ գինի պատրաստող Նոյին ու այլ նահապետներու, նախահայր ուրարտացիներու օրերէն մեզի աւանդ հասած քանդակագործութեան ու լաւաշի պատրաստութեան, Մեծն Տիգրանին, Փառանձեմ թագուհիի մղած մարտին ու տակաւին՝ Աղթամար աւանդավէպէն ներշնչուած պաստառի մը։ Գեղանկարներուն մեծ մասը «բազմամարդ» է, կը մէկտեղուին թագաւորներ, իշխաններ, տօնախմբող ժողովուրդ ու զարդարուն ցուլեր… Իւրաքանչիւր պաստառի կողքին, զետեղուած են փոքրադիր ցուցանակներ, որոնք հակիրճ բացատրութիւններ կը կրեն տուեալ պաստառին մասին։ Սեպտեմբերին սկսած այս ցուցահանդէսը, որ հայկական պատմութեան մասին պատկերաւոր դասախօսութեան մը բնոյթը ունի, պիտի տեւէ մինչեւ Դեկտեմբերի կէսերը, հաւանաբար նաեւ աւելի անդին։
Քոչարեանի գեղանկարներուն կողքին, նրբանցքներուն մէջ տեղ գրաւած են ֆրեզնոյաբնակ թէ հայրենի այլ հայ արուեստագէտներու եւ արուեստագիտուհիներու գործեր, ինչպէս նաեւ՝ որմազդի յղացքով գեղանկարներ, որոնք քիչ մը աւելի մանրամասն ծանօթութիւններ կու տան Արցախի պատմութեան ու իրադարձութեանց, հայ մշակոյթին ու կեանքին այլ երեսակներու մասին։
Սրահի կողքին, կազմակերպիչը՝ Վարուժան Տէր-Սիմոնեան, ունի քանի մը գրասենեակներ, որոնք նմանապէս վերածուած են մանրատիպ ցուցասրահի. գեղանը-կարներու կողքին, կը ցուցադրուին կերպարուեստի այլ գործեր։
Այս բոլորը՝ երկյարկանի ընդարձակ շէնքին առաջին յարկին վրայ։ Երկրորդ յարկ բարձրացողը պիտի տեսնէ այլ գեղանկարներ ու լուսանկարներ, որոնց մէջ պատուոյ տեղ գրաւած է մեծանուն Ուիլիըմ Սարոյեանը կենդանի պահող լուսանը-կարներու շարք մը։
Մէկ խօսքով, աշխատանքային գրասենեակներու յատուկ այս կեդրոնը կը մարմնաւորէ թանգարանային պատկերասրահ մը, ուր հայն ու հայկականութիւնը ներկայութիւն են տարուան իւրաքանչիւր օրը, ոչ նման այն ցուցահանդէսներուն, որոնք կը տեւեն մէկ օր կամ շաբաթավերջ մը։ Այս աշխատանքը ճամբայ չէ ելած առեւտրական նպատակով, այսինքն՝ գործերը վաճառքի դնելու համար, թէեւ արուեստասէրներու փափաքը կրնայ չմերժուիլ…
Ինչպէս անցեալ տարիներուն, նոյնպէս ալ յառաջիկային, Վարուժան Տէր-Սիմոնեան նկատի ունի այլ արուեստագէտներու գործերու երկար ժամկէտով ցուցադրութիւնը։
Անհատական նախաձեռնութեան մը տարողութենէն աւելին է այս մնայուն ցուցահանէսը, ինչպէս կրնայ հետեւցնել ընթերցողը՝ վերոյիշեալ հակիրճ բացատրականէն։ Հայութեան համար ազնիւ քարոզչութեան գործիք մըն է նաեւ այս ցուցահանդէսը, արժանի՝ գնահատանքի ու քաջալերանքի, որ անպայման նիւթական զօրակցութեամբ չ՚ըլլար, այլ այս մանրակերտ պատկերասրահը այցելութեամբ եւ օտար բարեկամներու քայլերը հոն առաջնորդելով։