ՄԵՂՄԱՑՆԵԼ ԼԱՐՈՒԱԾՈՒԹԻՒՆԸ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան Միլանոյի մէջ անցեալ շաբաթ մասնակցեցաւ ԵԱՀԿ-ի 25-րդ նախարարական խորհուրդի նիստին։ ԵԱՀԿ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու հաւաքին ժամանակ ան անդրադարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին։ Մնացականեան այս կապակցութեամբ ըսաւ.

«Երեսուն տարի առաջ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը ոտքի ելաւ սկսելու մեր նոր պայքարը ընդդէմ պատմական անարդարութեան եւ յանուն իշխանութեան, մարդկային արժանապատուութեան եւ ազատութեան։ Մարդու հիմնարար այս իրաւունքներու մերժումը եւ անոնց խաղաղ նկրտումներու դէմ ուժի կիրառումը հակամարտութեան սկզբնապատճառն են։ Կենսական սպառնալիքը Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի կեանքին եւ անվտանգութեան դէմ հակամարտութեան հիմքին կը գտնուի։

«Երեք տասնամեակներու ընթացքին Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը հաստատակամ է արժանապատուօրէն կառուցելու իր կեանքն ու հաստատութիւնները՝ հակադարձելով Ատրպէյճանի կողմէ իրականացուող դաժանութիւններուն, բռնութեան։ Ատրպէյճանի կողմէ որդեգրուած բռնութեան քաղաքականութեան շարունակումը, ուժի եւ ուժի սպառնալիքի կիրառումը միայն կ՚երկարաձգեն խնդրի կարգաւորումը՝ նոր տառապանքներ ստեղծելով տարածքաշրջանի բոլոր ժողովուրդներուն համար։ Հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորումը այլընտրանք չունի։ Զէնքի սպառնալիքի ներքեւ օգուտներ քաղելու պատրանքները դատապարտուած են ձախողման։

«Հայաստանի նոր կառավարութիւնը վճռականօրէն վերահաստատած է իր յանձնառութիւնը հակամարտութեան բացառապէս խաղաղ կարգաւորման ուղղութեամբ՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան հովանաւորութեան ներքեւ։ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած քաղաքական փոփոխութիւնը չէ ազդած խաղաղ գործընթացի վրայ եւ նախորդ եօթ ամիսներու ընթացքին մենք աշխուժօրէն ներգրաւուած եղած ենք հանդիպումներու եւ քննարկումներու մէջ։ Սեպտեմբերի վերջաւորութեան Տուշանպէի մէջ Հայաստանի վարչապետի եւ Ատրպէյճանի նախագահի միջեւ հանդիպման ընթացքին ձեռք բերուած են գործնական պայմանաւորուածութիւններ իրավիճակի սրման վտանգներու նուազեցման, հրադադարի ամրապնդման եւ կողմերու միջեւ գործնական կապի հաստատման վերաբերեալ։

«Վեց ամիսներու ընթացքին արդէն երրորդ անգամ հանդիպեցայ իմ ատրպէյճանցի գործընկերոջ հետ եւ մենք համանախագահ երկիրներու պատուիրակութիւններու ղեկավարներուն հետ հանդէս եկանք համատեղ յայտարարութեամբ։ Անշուշտ ոգեւորիչ է, որ մենք յաջողեցանք համաձայնութեան հասնիլ ընդհանուր թեքստի մը շուրջ։ Այդ մէկը կը վերահաստատէ Տուշանպէի մէջ ձեռք բերուած փոխադարձ ըմբռնումը կեանքի կոչելու կարողութիւնը՝ աշխուժօրէն աշխատելու հակամարտութեան գօտիէն ներս լարուածութեան ապագայ թուլացման եւ ժողովուրդները խաղաղութեան նախապատրաստելու ուղղութեամբ։

«Խաղաղութեան համար նպաստաւոր միջավայրը էական նշանակութիւն ունի բանակցային գործընթացի տեսակէտէ։ Այս առընչութեամբ նշանակալի ներդրում կ՚ըլլայ Տուշանպէի համաձայնութիւններուն, ինչպէս նաեւ վստահութեան դրութիւններու ստեղծման վերաբերեալ նախապէս գոյացած պայմանաւորուածութիւններու իրագործումը։ Հակամարտութեան բոլոր կողմերու ժողովուրդներու խաղաղութեան նախապատրաստելու ուղղեալ իրական ջանքերը եւ ռազմատենչ հռետորաբանութենէն ու ատելութեան քարոզչութենէն հրաժարումը նոյնքան կարեւոր է։

«Անհրաժեշտ է, որ վտանգի նուազեցման միջոցները ուժեղ աջակցութեան արժանանան ԵԱՀԿ-ի անդամ բոլոր պետութիւններուն կողմէ։ Յարձակողական զէնքերու վաճառքը եւ մատակարարումը կը նպաստեն ուժի եւ անոր սպառնալիքի կիրառման։ Բոլոր ներգրաւուած անդամ պետութիւնները պէտք է վերանային իրենց այս գործելաոճը։ Այն, ինչ որ ոմանք կը ներկայացնեն որպէս գործարք մեր ժողովուրդի համար մահացու զէնք է։

«Հակամարտութեան եւ հետեւաբար անոր լուծման առանցքը Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակն է եւ անվտանգութիւնը»։  

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 10, 2018