ՄԻԱՀԵԾԱՆ ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆ
Երէկ, Հայաստանի մէջ տեղի ունեցաւ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւն, որու արդիւնքով յեղափոխութեան պատկերը ամբողջութեամբ ցոլացաւ երկրի խորհրդարանին վրայ։ Ազգային ժողովէն ներս ձեւաւորուեցաւ ամուր մեծամասնութիւն մը։ Արդարեւ, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ գլխաւորուած «Իմ քայլը» դաշինքը ապահովեց քուէներու աւելի քան 70 տոկոսը։ Սա արդէն կ՚ենթադրէ միահեծան իշխանութիւն մը, ինչ որ մէկ կողմէ մեծ առաւելութիւն մըն է, իսկ միւս կողմէ նոյնքան մեծ ու ծանր պատասխանատուութիւն մը։
Հայաստանի Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովին կողմէ ցարդ հրապարակուած տուեալներով, խորհրդարան մուտք գործել յաջողած է միայն երեք քաղաքական ուժ. «Իմ քայլը» դաշինքը, «Լուսաւոր Հայաստան» կուսակցութիւնը եւ «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութիւնը։ Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւնը եւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը, որոնք անցեալ շրջանի հիմնական դերակատարներն էին, չկրցան յաղթահարել նուազագոյն ձայներու շեմը եւ մնացին խորհրդարանէն դուրս։ Երէկուան ընտրութիւններուն մասնակցութեան համեմատութիւնը եղաւ բաւական ցած։ Սկզբնական տուեալներով քուէատուփին մօտ փութաց ընտրողներու միայն 48.6 տոկոսը։
Մինչ ընտրութիւններու արդիւնքին վերաբերեալ բոլոր տուեալները կը վկայեն Նիկոլ Փաշինեանի ջախջախիչ յաղթանակը, ան այցելեց «Իմ քայլը» դաշինքի նախընտրական կեդրոնը։ Նիկոլ Փաշինեան զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ զրուցելու ժամանակ յայտնեց, որ երկրի քաղաքացիները խորհրդարանէն ներս ձեւաւորած են բացարձակ յեղափոխական մեծամասնութիւն։ Իր խօսքով՝ յեղափոխութիւնը աւարտած չի նկատուիր այնքան ժամանակ, երբ տակաւին բոլոր նպատակներուն չեն հասած։
Միւս կողմէ, միջազգային լրատուամիջոցներն ալ կ՚անդրադառնան Նիկոլ Փաշինեանի համոզիչ յաղթանակին: