ՍՊԱՆԻՈՅ ԴԵՍՊԱՆԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ԳՈՒՄԳԱԲՈՒ

Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան շաբաթավերջին Գումգաբուի մէջ ընդունեց Անգարայի մօտ Սպանիոյ նորանշանակ դեսպան Խուան Կոնզալէս Պարպան, որու հետ էր նաեւ իր կողակիցը։ Սպանիոյ դեսպանը փափաքած էր քաղաքավարական այցելութիւն մը տալ Պատրիարքարան ու ծանօթանալ թրքահայ համայնքի հոգեւոր կեդրոնի գործունէութեան եւ առաքելութեան։

Ջերմ զրոյցի ընթացքին նորին սրբազնութիւնը ողջունեց դեսպանը եւ ուրախութիւն յայտնեց անոր այցելութեան համար։ Ընդհանուր փոխանորդը մանրամասն բացատրութիւններ տուաւ Պատրիարքական Աթոռի պատմութեան, հայ իրականութենէն ներս ունեցած դերակատարութեան եւ ներկայիս ծաւալած գործունէութեան շուրջ։ Զրոյցի տեւողութեան այդ մանրամասնութիւններու լոյսին տակ կարծիքի փոխանակումներ տեղի ունեցան զանազան նիւթերու շուրջ։

Գումգաբուի մէջ տեղի ունեցած այս հանդիպման առընթեր, Տ. Արամ Արք. Աթէշեան մասնակցեցաւ նորանշանակ դեսպանին ի պատիւ սարքուած պաշտօնական ընթրիքի մը։ Այդ երեկոյթի տանտէրն էր Մարմարայի շրջանէն ներս Սպանիոյ պատուակալ հիւպատոս Զէյնէլ Ապիտին Էրտեմ, որ իր ապարանքին մէջ մեծարեց հիւրերը։ 

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 10, 2018