ՄԵԾ ՈՒՐԱԽՈՒԹԻՒՆ

Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան գործընթացը վաղը այլեւս պաշտօնապէս պիտի եզրափակուի։ Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ պիտի գումարուի Ազգային պատգամաւորական ժողովը, որ պիտի ընտրէ թէ՛ նոր պատրիարքը եւ թէ Կրօնական ժողովի նոր կազմը։ Համայնքին մէջ կը տիրէ մեծ ուրախութիւն, որովհետեւ այլեւս երկարատեւ ալեկոծեալ շրջան մը պիտի աւարտի եւ նոր շրջան մը պիտի սկսի մեր ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս։ Արդէն յայտնի է, որ Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքը պիտի դառնայ տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, որու սատարող պատգամաւորի թեկնածուները շաբաթավերջին մեր համայնքի մեծ զօրակցութեան արժանացան։ Ներկայիս, թրքահայութիւնը բառին բուն իմաստով անհամբեր է՝ ողջունելու համար իր նոր հոգեւոր պետը։

Շաբաթավերջի քուէարկութեան բարեյաջող աւարտը երկար ատեն վերջ ստեղծած է լաւատես մթնոլորտ մը։ Համայնքային շրջանակներն ալ ընդհանրապէս դրական տրամադրուած են յառաջիկայ շրջանին, նոր բացուելիք էջին համար։ Ուստի, վաղուան լուսաբացը նոր հորիզոն մը պիտի ուրուագծէ մեր համայնքին առջեւ եւ այլեւս թրքահայութիւնը պիտի կարողանայ կեդրոնանալ իր բուն խնդիրներուն վրայ։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 10, 2019