ԱՐԱ ԱՅՎԱԶԵԱՆԻ ՓԱՐԻԶ ԱՅՑԸ ՎԵՐՋԱՑԱՒ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեան աւարտեց իր աշխատանքային այցելութիւնը դէպի Փարիզ։ Նախընթաց օր Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարար Ժան-Իվ լը Տրիանի կողմէ ընդունուելէ վերջ, ուղեւորութեան եզրափակիչ փուլին նախարարը տեսակցեցաւ Ֆրանսայի օրէնսդիրներուն հետ։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Արա Այվազեան Ֆրանսայի Ազգային ժողովէն ներս տեսակցեցաւ Ազգային պաշտպանութեան եւ զինեալ ուժերու մշտական յանձնաժողովի նախագահ Ֆրանսուազ Տիւմայի հետ։ Ներկայ էին նաեւ Ֆրանսա-Հայաստան բարեկամական խումբի երեսփոխաններ։ Բաց աստի, Արա Այվազեան ընդունուեցաւ Ֆրանսայի Ծերակոյտի նախագահ Ժերար Լարշէի կողմէ։ Փարիզի մէջ, Լիւքսեմպուրկեան պալատէն ներս այս հանդիպման ներկայ էին նաեւ Ֆրանսայի Ծերակոյտի առաջին փոխ-նախագահը, արտաքին յարաբերութիւններու, պաշտպանութեան ու զինեալ ուժերու մշտական յանձնաժողովի նախագահը, ինչպէս նաեւ քաղաքական խմբակցութիւններու ղեկավարներ։

Ինչպէս ծանօթ է, յետպատերազմեան իրավիճակին մէջ Ֆրանսայի թէ՛ Ծերակոյտը եւ թէ Ազգային ժողովը բանաձեւեր ընդունած էին՝ Արցախի անկախութեան ճանաչման ի նպաստ։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 10, 2020