ԷՐՏՈՂԱՆ-ՌԱՅԻՍԻ ԶՐՈՅՑ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Իրանի նախագահ Իպարհիմ Ռայիսիի հետ։ Թեհրանի աղբիւրներու հաղորդումներով, երկու ղեկավարները առաջնահերթօրէն քննարկեցին ահաբեկչութեան դէմ պայքարի վերաբերեալ հարցերը։ «Մենք կ՚ընդգծենք, որ տարածաշրջանի խնդիրները պէտք է լուծուին տարածաշրջանէն ներս եւ տարածաշրջանի երկիրներու աշխոյժ մասնակցութեամբ, արտաքին միջամտութեան կարիք չկայ», ըսաւ Ռայիսի։ Այս վերջինը մատնանշեց նաեւ, որ Անգարան ու Թեհրանը պէտք է սերտօրէն համագործակցին ահաբեկչութեան դէմ պայքարի նպատակով։ Ան համոզուած է, թէ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի հիմնական սկզբունքը այդ երկիրներու ինքնիշխանութեան նկատմամբ յարգանքն է։

Նախագահ Էրտողանն ալ, իր կարգին, կարեւորեց երկու հարեւան երկիրներու համագործակցութիւնը՝ յատկապէս տնտեսութեան եւ անվտանգութեան ոլորտներուն մէջ։ «Տարածաշրջանի երկիրներուն միջեւ կը գերիշխէ համագործակցութեան գաղափարը եւ վերջին այցելութիւններն ու խորհրդակցութիւնները ցոյց կու տան այդ յաջողութիւնը», ըսաւ ան։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 10, 2021