ՃԱՆԱՊԱՐՀԱՅԻՆ ՔԱՐՏԷՍ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան այս օրերուն աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Փարիզ, ուր երէկ տեսակցեցաւ Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարութեան պետական քարտուղար Ժան-Պաթիստ լը Մուանի հետ։ Այս առթիւ ստորագրուեցաւ Հայաստան-Ֆրանսա տնտեսական համագործակցութեան 2021-2026 թուականներու ճանապարհային քարտէսը։ Այս փաստաթուղթի հիմնական նպատակն է Երեւանի եւ Փարիզի միջեւ ստեղծել յառաջիկայ հինգ տարիներու համար նախատեսուած երկկողմանի տնտեսական ծրագրերու ռազմավարութիւնն ու համագործակցութեան շրջանակը, ուր պիտի ընդգրկուին ենթակառուցուածքներու, քաղաքաշինութեան, ուժանիւթի, գիւղատնտեսութեան, զբօսաշրջութեան, նորարարութեան, բարձր թեքնոլոժիներու, առողջապահութեան եւ այլ հեռանկարային ոլորտներ։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 10, 2021