ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՄԷՋ ԺՈՂՈՎ

Արցախի երկրորդ պատերազմէն վերջ Հարաւային Կովկասի համար Թուրքիոյ կողմէ առաջարկուած եւ Ռուսաստանի աջակցութեան արժանացած «3+3» ձեւաչափով հարթակի ստեղծման ուղղեալ աշխատանքները այսօր նոր հարթութիւն կը թեւակոխեն։ Արդարեւ, Մոսկուայի մէջ այսօր նախատեսուած է սոյն ձեւաչափով առաջին հանդիպումը՝ արտաքին գործոց փոխ-նախարարներու մակարդակով։ Թուրքիոյ պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ արտաքին գործոց փոխ-նախարար Սետաթ Էօնալ։

«3+3» ձեւաչափով նախատեսուած է հարթակի մը վրայ համախմբել Թուրքիան, Ռուսաստանը, Իրանը, Հայաստանը, Վրաստանն ու Ատրպէյճանը։ Վրաստան տեղեկացուցած է, որ այդ հարթակին պիտի չմասնակցի։ Մոսկուայի այս օրուան ժողովէն առաջ ալ Թիֆլիզէն տեղեկացուեցաւ, որ մասնակցութիւն պիտի չըլլայ նիստին։ Այս բոլորը Վրաստան կը պարզաբանէ, որ պատճառները միայն Ռուսաստանի հետ իր առկայ հակասութիւններուն չեն վերաբերիր։

Երեւանի ղեկավարութիւնը այս ձեւաչափին մասնակցելու պատրաստակամութիւն յայտնած է՝ պայմանով, որ այլ ձեւաչափերու մէջ քննարկուած նիւթերը այստեղ օրակարգի վրայ չգան։ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան նախընթաց օր նշած էր, որ այս ուղղութեամբ համակարծիք է նաեւ Ռուսաստան։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 10, 2021