«ՑԱՒՕՔ, ԼԱՐՈՒԱԾՈՒԹԻՒՆԸ Կ՚ԱՃԻ ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՄԷՋ, ՌՈՒՍ ԽԱՂԱՂԱՊԱՀՆԵՐՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ ԳՕՏԻԷՆ ՆԵՐՍ»

Երէկ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին հանդիպում մը ունեցան Պիշքեքի մէջ, ուր կը գտնուէին Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) գագաթաժողովին առթիւ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, զրոյցի ընթացքին երկու ղեկավարները ուշադրութիւն կեդրոնացուցին տարածաշրջանային հարցերու վրայ։ Նիկոլ Փաշինեան մասնաւորապէս ուշադրութիւն հրաւիրեց՝ շուրջ շաբաթ մը առաջ տեղի ունեցած Լաչինի միջանցքի արգելափակման դէպքին վրայ։ «Մեզ մօտ վիճակը կը շարունակէ լարուած մնալ։ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորումը կը մնայ մեր տարածաշրջանի գլխաւոր խնդիրը։ Դժբախտաբար, մենք կը տեսնենք նաեւ լարուածութեան աճ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ՝ ռուս խաղաղապահներու պատասխանատուութեան գօտիէն ներս։ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ այս առընչութեամբ շատ մտահոգութիւններ կան», ըսաւ Նիկոլ Փաշինեան եւ ընդգծեց տարածաշրջանային անվտանգութեան բոլոր հարցերու քննարկման կարեւորութիւնը։

Իր կարգին, Վլատիմիր Փութին հանդիպման հրապարակային փուլին ունեցաւ շատ ամփոփ արտայայտութիւն մը՝ գրեթէ առանց ակնարկելու քաղաքական օրակարգին։ «Այս տարուայ առաջին տասն ամիսներուն ապրանքաշրջանառութեան աճը կազմած է 67 տոկոս։ Սա լաւ, դրական ցուցանիշ մըն է։ Այնուամենայնիւ, շատ հարցեր կան եւ ես ուրախ եմ, թէ հնարաւորութիւն կայ զանոնք քննարկելու», ըսաւ Փութին։

ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑ

Միւս կողմէ, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարի Եւրոպայի եւ Եւրոասիոյ հարցերով տեղակալ Քերըն Տոնֆրիտի հետ, որ նախօրէին հեռաձայնով խօսած էր նաեւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ։ Միրզոյեան եւ Տոնֆրիտ անդրադարձան տարածաշրջանային անվտանգութեան եւ կայունութեան վերաբերեալ հարցերու։ Անոնք կարծիքներ փոխանակեցին Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման եւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին շուրջ։ Ընդգծուեցաւ Ուաշինկթընի պատրաստակամութիւնը՝ Հարաւային Կովկասէ ներս խաղաղութեան գործընթացին աջակցելու ուղղութեամբ։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 10, 2022