ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՓԱՌԱՏՕՆ

Երեւանի մէջ արդէն ընթացքի մէջ է Արամ Խաչատուրեանի յիշատակին ձօնուած միջազգային փառատօնը, որ երաժշտական աշխարհէն ներս կ՚արժանանայ ուշադրութեան։ Հայ երաժշտութեան այս հսկային ձօնուած նախաձեռնութիւնը արդէն տասն տարեկան է, փառատօնն ալ դարձած՝ աւանդական։

Երեւանի Օփերայի համալիրէն ներս, բացման համերգին ժամանակ հանդէս եկաւ Հայաստանի Պետական սիմֆոնիք նուագախումբը՝ ղեկավարութեամբ Ճորճ Փեհլիվանեանի։ Նուագախումբին հետ ելոյթ ունեցաւ թաւջութակահար Սեւակ Աւանէսեան։

Արամ Խաչատուրեանի 10-րդ միջազգային փառատօնի իրականացման կ՚աջակցի Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարարութիւնը։ Գլխաւոր հովանաւորն է Զանգեզուրի պղնձամոլիւպտենային գործարանը։ Գլխաւոր գործընկերն է Երեւանի քաղաքապետութիւնը, իսկ հովանաւորը՝ Երեւանի Քոնիաքի գործարանը։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 10, 2022