«ԲՈԼՈՐԻՆ ՀԱՄԱՐ ՋՈՒՐ»

Բարեյիշատակ լուսանկարիչ Նիքոլաս Մանկինասի յիշատակին կազմակերպուած միջազգային լուսանկարչութեան մրցոյթը այս տարի կազմակերպուեցաւ երրորդ անգամ ու պսակուեցաւ փայլուն յաջողութեամբ։ Նիքոլաս Մանկինաս անժամանակօրէն մահացած էր 2021 թուականին եւ այդ տարիէն ի վեր այս միջազգային մրցոյթը կը կազմակերպուի՝ իր յիշատակը վառ պահելու համար։ Այս տարուան մրցոյթը նախատեսուած էր «Բոլորին համար ջուր» կարգախօսով։

Մրցոյթի եզրափակիչ փուլին պարգեւատրման արարողութիւն մը տեղի ունեցաւ Պէյօղլուի «Շիշմանոկլիօ» ապարանքի երդիքին տակ։ Սա Իսթանպուլի մօտ Յունաստանի աւագ հիւպատոսութեան մշակոյթի կեդրոնն է, ուր մրցանակաբաշխման արարողութեան ընթացքին ստեղծուեցաւ մէկ կողմէ խանդավառ, իսկ միւս կողմէ յուզումնախառն մթնոլորտ։

Ձեռնարկի հիւրընկալն էր Յունաստանի աւագ հիւպատոս Քոնստանդինոս Քութրաս։ Դատակազմի անդամներն էին՝ Ալպերթօ Մոտիանօ, Պերճ Արապեան, Ճիաննիս Սուլիս, Նիքոս Քասերիս, Մուրատ Կերմէն։ Այս նախաձեռնութեան գաղափարը յղացած է յոյն համայնքի յայտնի գործիչներէն Լաքի Վինկաս, որ եւս ներկայ էր ձեռնարկին։ Հովանաւորներու եւ գեղարուեստասէրներու մասնակցութեամբ կեանքի կոչուեցաւ հանդիսութեան ծրագիրը։ Այս նախաձեռնութեան կեանքի կոչման համար համագործակցած էին Ենիգիւղի Փանաիա յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը, Թուրքիոյ Լուսանկարչութեան արհեստի դաշնակցութիւնը եւ այլ կառոյցներ։ Հարկ է նշել, որ իւրաքանչիւր տարի հովանաւորներու պարագային կ՚ըլլայ փոփոխութիւն։

Այս տարուան մրցոյթի առաջինը հանդիսացաւ Հնդկաստանէն Պարուն Ռաճկարիա։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 10, 2024