ԱՐՑԱԽԻ ՄԷՋ ԶԻՆՈՒՈՐ ՄԸ ԵՒՍ ՆԱՀԱՏԱԿ
Լեռնային Ղարաբաղի ճակատին վրայ լարուածութիւնները եւ Ատրպէյճանի կողմէ հրադադարի խախտումները կը շարունակուին։ Շաբաթավերջին շփման գծի վրայ առկայ լարուածութիւնը վերստին թափ ստացած է։ Արցախի Պաշտպանութեան բանակի արեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն պահպանման տեղամասին մօտ, Յունուարի 9-ին, ժամը 21.30-ի սահմաններուն, Ատրպէյճանի դիպուկահարներէն մէկուն կողմէ բացուած կրակին հետեւանքով նահատակուեցաւ հայ զինուոր մը՝ Արամայիս Ոսկանեան (1996)։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Լեռնային Ղարաբաղի Պաշպանութեան նախարարութեան կողմէ քննութեան ձեռնարկուեցաւ այս դէպքին մանրամասնութիւնները ճշդելու նպատակով։ Մինչ այդ, Լեռնային Ղարաբաղի Նախագահ Բակօ Սահակեանի հրամանագրով յետ մահու պարգեւատրուեցաւ Արամայիս Ոսկանեան, որ նահատակուեցաւ Արցախի սահմանները պաշտպանելու ժամանակ։
Երեւանի ղեկավարութիւնն ալ արձագանգեց այս ցաւալի դէպքին։ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան բանբեր Արծրուն Յովհաննիսեան յայտնեց, թէ Ատրպէյճան կրկին կը սրէ իրավիճակը Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիէն ներս։ Ատրպէյճանի դիպուկահարներէն մէկուն արձակած կրակոցին հետեւանքով զոհուած է հայ զինուորական մը եւ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ իրավիճակի սրման ամբողջ պատասխանատուութիւնը կը կրէ Ատրպէյճանի իշխանութիւնը։ «Հակառակորդը կրկին կը սրէ կայունացման որոշ միտումներ ունեցող իրավիճակը՝ օգտագործելով դիպուկահար կրակ։ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ զոհ ունինք, կը ցաւակցինք ու կը զօրակցինք Արամայիս Ոսկանեանի ընտանիքին ու հարազատներուն։ Հայկական զինեալ ուժերը ոչինչ անպատասխան կը թողուն ու կրկին անգամ «զինուած դիմակայութեան» աստիճանի բարձրացման եւ հետագայ գործողութիւններու ամբողջ պատասխանատուութիւնը պիտի վիճակի ատրպէյճանական կողմին», յայտարարեց Արծրուն Յովհաննիսեան այս առթիւ։