ԼԵՒՈՆ ՏԷՐ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ ԲՈՒԺՄԱՆ ՀԱՄԱՐ ԿԸ ՄԵԿՆԻ ԱՄՆ
Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին նախագահ եւ ընդդիմադիր «Հայ ազգային գոնկրէս»ի առաջնորդ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան բուժման նպատակով կը մեկնի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ։ Շաբաթավերջին հայկական աղբիւրները տեղեկացուցին, որ դարմանման նպատակով ԱՄՆ ուղեւորուելու կապակցութեամբ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան այցելած է Երեւանի մօտ ԱՄՆ-ի դեսպանատունը։ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան այս առթիւ տեսակցած է Երեւանի մօտ ԱՄՆ-ի դեսպան Ռիչըրտ Միլսի հետ եւ այս հանդիպման ընթացքին կարծիքի փոխանակումներ տեղի ունեցած են Հայաստանի եւ տարածքաշրջանի իրադարձութիւններուն շուրջ։
Վերոյիշեալ աղբիւրները որեւէ մանրամասնութիւն չեն հաղորդած, թէ ի՛նչ անհանգստութենէ կը տառապի Լեւոն Տէր-Պետրոսեան եւ բուժման ի՛նչ միջոցներ նախատեսուած են իր պարագային։ Հաղորդումնե-րուն մէջ չէ նշուած նաեւ, թէ Լեւոն Տէր-Պետրոս-եան դարմանման համար Միացեալ Նահանգներու ո՛ր քաղաքը կամ ո՛ր ափը կ՚այցելէ։
Հարկ է նշել, որ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան ունի որ-դի մը եւ երկու թոռնիկ։ Իր կողակիցը՝ Լուսիա Տէր-Պետրոսեանն ալ միջոց մը առաջ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ ուղեւորուած էր դարմանման համար։
Լեւոն Տէր-Պետրոսեան 9 Յունուար 1945 թուականին ծնած է Հալէպի մէջ եւ տարի մը վերջ՝ 1946 թուականին ընտա-նիքին հետ ներգաղթած՝ Հայաստան։