ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆԸ ԲԱՐԵԿԱՄԱԿԱՆ ԵՐԿՈՒ ՄՐՑՈՒՄԸ՝ ԱՄՆ-Ի ՄԷՋ

Յա­ռա­ջի­կայ Մա­յի­սի վեր­ջը եւ Յու­նի­սի սկիզ­բը, Հա­յաս­տա­նի ֆութ­պո­լի ազ­գա­յին հա­ւա­քա­կա­նը բա­րե­կա­մա­կան եր­կու մրցում պի­տի կա­տա­րէ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու մէջ: Այդ եր­կու մրցում­ներն ալ պի­տի կրեն բա­րե­գոր­ծա­կան բնոյթ: Իսկ յա­ռա­ջի­կայ Մար­տին Հա­յաս­տա­նի ֆութ­պո­լի ազ­գա­յին հա­ւա­քա­կա­նը Ե­րե­ւա­նի մէջ պի­տի հիւ­րըն­կա­լէ Սպիտակ ­Ռու­սիան՝ բա­րե­կա­մա­կան մրցու­մի մը ըն­թաց­քին:

Միւս կողմէ, ՖԻ­ՖԱ-ի հրա­պա­րա­կած Յու­նուար ամ­սուան ֆութ­պո­լի ազ­գա­յին խում­բե­րուն նոր դա­սա­ւոր­ման մէջ, Հա­յաս­տա­նի ազ­գա­յին հա­ւա­քա­կա­նը 2 դիր­քով յա­ռաջ­դի­մե­լով այժմ կը գրա­ւէ ընդ­հա­նուր դա­սա­ւոր­ման 121-րդ դիր­քը: 2018-ի Համաշխարհային ֆութպո-լի ախոյենութեան զտու­մի մրցա­շար­քին գծով Հա­յաս­տա­նի մաս կազ­մած խմբա­կին խում­բե­րը կը գրա­ւեն հե­տե­ւեալ դիր­քե­րը.

Ռու­մա­նիա՝ 16-րդ, Լե­հաս­տան՝ 35-րդ, Դա­նիա՝ 42-րդ, Մոն­թե­նեկ­րօ՝ 85-րդ եւ Ղա­զախիս­տան՝ 132-րդ:

Պա­րագ­լու­խի դիր­քը կը շա­րու­նա­կէ գրա­ւել Պել­ժի­ան, ո­րուն կը յա­ջոր­դեն Ար­ժան­թին եւ Սպա­նիա:

Երկուշաբթի, Յունուար 11, 2016