ՊԱՐԱՔ ՕՊԱՄԱ ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ ՀՐԱՒԻՐԱԾ Է ԻԼՀԱՄ ԱԼԻԵՒԸ

Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Նա­խա­գահ Պա­րաք Օ­պա­մա Ո­ւա­շինկ­թըն հրա­ւի­րեց Ատր­պէյ­ճա­նի Նա­խա­գահ Իլ­համ Ա­լիե­ւը։ Պա­քուի աղ­բիւր­նե­րը կը տե­ղե­կաց­նեն, որ Իլ­համ Ա­լիեւ հրա­ւի­րուած է մաս­նակ­ցե­լու Մի­ջու­կա­յին անվ­տան­գու­թեան հար­ցե­րով չորրորդ գա­գա­թա­ժո­ղո­վին։ Սոյն գա­գա­թա­ժո­ղո­վը պա­բե­րա­բար Ո­ւա­շինկ­թը­նի մէջ կը կազ­մա­կեր­պուի Ա­մե­րի­կա­յի Միացեալ Նահանգներու ղե­կա­վա­րու­թեան կող­մէ։ Ա­լիե­ւի աշ­խա­տա­կազ­մի ղե­կա­վա­րի տե­ղա­կալ, ար­տա­քին կա­պե­րու գծով պա­տաս­խա­նա­տու Նով­րուզ Մա­մե­տով եւս հաս­տա­տած է այս հրա­ւէ­րը։

Երկուշաբթի, Յունուար 11, 2016