ԿԱԶԻԱՆԹԷՊԻ ՄԷՋ ԴԷՊՔ
Կազիանթէպի մէջ երէկ կանխուեցաւ ահաբեկչական յարձակում մը։ Դէպքը պատահեցաւ քաղաքի Անվտանգութեան տնօրէնութեան մերձակայքին։ Յանցագործը կրակելով փորձեց անցնիլ շէնքէն շուրջ 50 մեթր հեռաւորութեան վրայ տեղակայուած հսկման կէտէն։ Ոստիկանները անմիջապէս միջամտելով փոխադարձ կրակ բացին յարձակողին վրայ։ Շուրջ 2 վայրկեան տեւած բախումէն վերջ յարձակողը սպաննուեցաւ։ Ոստիկան մըն ալ վիրաւորուեցաւ թեթեւ ձեւով։ Դէպքէն վերջ ոստիկանութիւնը Անվտանգութեան տնօրէնութեան մերձակայքի բոլոր ճանապարհները փակեց երթեւեկութեան եւ հետիոտններուն համար։
Տեղական մամուլի հաղորդումներով, յանցագործին անունը չհրապարակուեցաւ։ Շեշտուեցաւ, որ ան ունէր մտային անհաւասարակշռութիւններ, իբր այդ հաւանական կը համարուի ահաբեկչական կազմակերպութիւններու կողմէ շահագործուած ըլլալը։
Հարկ է յիշեցնել, որ անցեալ Մայիսին նոյն շէնքին վրայ կատարուած յարձակման հետեւանքով երեք ոստիկան նահատակուած էր։