ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ ՄԵԿՆԱԲԱՆԵՑ ՄԻՋՆՈՐԴՆԵՐՈՒՆ ՄՕՏԵՑՈՒՄՆԵՐԸ
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան երէկ «Արմէնփրէս» գործակալութեան համար մեկնաբանեց ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն կողմէ կատարուած վերջին համատեղ յայտարարութիւնը։ Ինչպէս ծանօթ է, Մինսքեան խմբակի համանախագահները նախընթաց օր համատեղ յայտարարութիւնով մը հանդէս եկած էին Դեկտեմբերի 29-ին Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ պատահած բախումներուն կապակցութեամբ։ Ըստ Եդուարդ Նալպանտեանի, երբ ազէրի յարձակող զինուորը կը վնասազերծուի հայկական դիրքերու մէջ, ապա պարզ է, թէ ով եղած է յարձակողը։ «Հայաստան կը յուսայ, որ եռանախագահները հետեւողական պիտի ըլլան՝ անյապաղ խստօրէն արձագանգելու հակամարտութեան գօտիէն ներս ուժի կամ ուժի սպառնալիքի իւրաքանչիւր դրսեւորման՝ յատկապէս, երբ հրադադարի խախտման հետեւանքով զոհեր կ՚ըլլան։ Պէտք չէ թոյլ տալ, որ ուշացած արձագանգը խախտումներ իրականացնողի կողմէ ընկալուի, թէ իր գործողութիւնները կրնան հանդուրժուիլ», ըսաւ Եդուարդ Նալպանտեան։
Իր յայտարարութիւններուն մէջ Նալպանտեան ըսաւ նաեւ հետեւեալը. «Համանախագահները կ՚անդրադառնան այն բանին, որու մասին մենք մշտապէս հետեւողականօրէն կը բարձրաձայնենք։ Անոնց հետ համաձայն ենք, որ հրադադարի խախտումները անընդունելի են։ Համաձայն ենք, որ պէտք է անվերապահօրէն իրականացուին Վիեննայի եւ Սեն Փեթերսպուրկի մէջ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները, ներառեալ, ինչպէս կը նշեն համանախագահները, հնարաւորինս կարճ ժամանակի մէջ դէպքերու հետաքննութեան դրութեան հաստատուիլը։ Եռանախագահ երկիրները բազմիցս նշած են, թէ ո՛ր կողմը կը մերժէ այդ դրութեան հաստատուիլը, հետեւաբար, այդ իսկ կողմին կը վիճակի դէպքերու եւ հրադադարի խախտումներու ամբողջ պատասխանատուութիւնը։ Նման դրութիւնը հնարաւորութիւն պիտի ընձեռէ, ինչպէս համանախագահներն ալ կ՚ըսեն, ձերբազատուիլ փոխադարձ մեղադրանքներէ։ Թէեւ երբ ազէրի զինուորը կը վնասազերծուի հայկական դիրքերու մէջ՝ բոլորի համար, առանց այդ դրութեան ալ պարզ է, թէ ով յարձակած է»։
Նալպանտեանի յայտարարութեան մէջ ընդգծուեցաւ նաեւ, որ համանախագահները կը մնան այն եզակի ձեւաչափը, որ իր լիազօրութեան համաձայն կրնայ ու պէտք է շարունակէ կանխարգելիչ գործունէութիւնը։ Ինչպէս ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները շեշտած են բազմիցս՝ 1994-1995 թուականներու հրադադարի եռակողմանի համաձայնագրերու անվերապահ կատարումը պարտադիր է։ Անոնց խախտումներուն հետեւանքով արձանագրուած դէպքերը անընդունելի են ու լուրջ վնաս կը հասցնեն կարգաւորման գործընթացին։