ԹՈՒԱՅՆԱՑՆԵԼ ԵՒ ՄԻԱՒՈՐԵԼ

«Հրանդ Տինք» հիմնարկի նախաձեռնութեամբ այս օրերուն քաղաքիս մէջ կը կազմակերպուին շարք մը քննարկումներ, որոնց ընթացքին արծարծուած նիւթերը այժմէական բնոյթ կը կրեն հայութեան մշակութային օրակարգին վրայ։ Ինչպէս հաղորդած էինք, սփիւռքները թուային արխիւով մը միաւորելու գաղափարը զանազան երեսակներով կը շօշափուի սոյն քննարկումներուն ծիրէն ներս։ Թուային արխիւայնացումն ու թուային գրադարանները կ՚առնուին խոշորացոյցի տակ։ Թուայնացնելու եւ այդպէսով միաւորելու ուղղեալ աշխատանքները հերթական անգամ կը դառնան հետաքրքրութեան առարկայ։

Այս օրերու քննարկումներուն համար «Հրանդ Տինք» հիմնարկին կողմէ Իսթանպուլ հրաւիրուած են Հայաստանի Ազգային գրադարանի տնօրէն Տիգրան Զարգարեան եւ Պէյրութի «Հայկազեան» համալսարանէն՝ Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրման կեդրոնի տնօրէն Տքթ. Անդրանիկ Տագէսեան։ Այս երկու հեղինակաւոր մտաւորականները մինչեւ շաբաթավերջ կը մնան քաղաքիս մէջ։ Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Տիգրան Զարգարեանն ու Տքթ. Անդրանիկ Տագէսեանը, որոնց հետ ունեցանք հաճելի զրոյց։ Անոնք ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի խմբագրատունը այցելեցին՝ ուղեկցութեամբ «Հրանդ Տինք» հիմնարկէն Վահագն Քեշիշեանի եւ Մեհմէտ Փոլատէլի։ Տիգրան Զարգարեան աւելի առաջ այցելած էր Իսթանպուլ, սակայն մեզի համար ուրախառիթ էր Երեւանի մէջ իր կողմէ քանիցս հիւրընկալուելէ վերջ, այս անգամ զինքը հիւրընկալել խմբագրատանս երդիքին տակ։ Տքթ. Անդրանիկ Տագէսեան առաջին անգամ կ՚այցելէ Իսթանպուլ եւ այս օրերուն կը ջանայ տարրական պատկերացում մը կազմել մեր համայնքին մասին՝ տեղւոյն վրայ շնչելով մթնոլորտը։ Ան սերած է ընտանիքէ մը, որու արմատները կը հասնին Հաճըն։

Անմիջական զրոյցի տեւողութեան հիւրերը ամփոփ բացատրութիւններ տուին իրենց ղեկավարած գիտամշակութային կառոյցներու ներկայ աշխատանքին շուրջ, իսկ մեզմէ լսեցին ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գործունէութեան մասին տեղեկութիւններ եւ թրքահայ համայնքային իրադարձութիւններու վերաբերեալ դիտարկումներու մեկնաբանութիւններ։ Անդրանիկ Տագէսեան մեզի նուիրեց իր հեղինակած գիրքերէն մին, որ լոյս տեսած է Հայկազեան համալսարանի հրատարակութիւններու շարքէն։ Զրոյցի տեւողութեան հիւրերը հետաքրքրուեցան նաեւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի ներկայ 110-ամեայ յոբելեանով՝ յղելով բարեմաղթութիւններ եւ յարատեւութեան մաղթանքներ։ Տիգրան Զարգարեան ընդգծեց, որ Երեւանի նորահաստատ Գրատպութեան թանգարանէն ներս կողք կողքի զետեղուած են ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի բացառիկ համարները՝ հայ գրատպութեան  400 եւ 500-ամեայ յոբելեաններուն առթիւ։ «Կը մաղթեմ, որ թերթը ողջունէ նաեւ 600-ամեակը», ըսաւ ան։

ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ

Միւս կողմէ, «Հրանդ Տինք» հիմնարկի «Հաւաք» սրահի երդիքին տակ երէկ երեկոյեան շահեկան բանախօսութիւնով մը հանդէս եկաւ Տքթ. Անդրանիկ Տագէսեան, որ անդրադարձաւ Լիբանանի մէջ հայոց ներկայութեան, լիբանանահայութեան պատմութեան ու ներկային։ Երեկոյթի սկիզբին ողջոյնի խօսք մը արտասանեց Այշէ Իճլալ Քիւչիւքքըրճա, որ կը համակարգէ նախաձեռնարկ հիմնարկի պատմական բնոյթով ծրագրերը։ Անդրանիկ Տագէսեան դասախօսութեան ընթացքին ներկաներուն մատուցեց նաեւ հետաքրքրական տեսողական առարկաներ։ Ան ընդհանուր առմամբ անդարդարձաւ Լիբանանի մէջ հայոց ներկայութեան եւ գաղութի կեանքին։ 1915-էն առաջ շուրջ երկու հազար հայ կ՚ապրէր Լիբանանի մէջ։ Օսմանեան շրջանին հայազգի կառավարիչներ կը պաշտօնավարէին այնտեղ։ Ատենախօսը մատնանշեց, որ Զմմառի մէջ կաթողիկէ հայերը հաստատած էին իրենց հոգեւոր կեդրոնը եւ հայ աւետարանականներն ալ ապահոված էին ներկայութիւն մը։

Ի շարունակութիւն պատմական ներկայութեան՝ Անդրանիկ Տագէսեան բացատրեց, որ 1915-էն վերջ հայերը ինչպէս կուտակուած, համախմբուած էին Լիբանանի մէջ։ Նոյն ժամանակահատուածին զուգադիպած էր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան վերահաստատումը Անթիլիասի մէջ։ 1920-ական թուականներէն սկսեալ իրադարձութիւնները ժամանակագրական կարգով մը յիշեցուց Անդրանիկ Տագէսեան, որ խօսեցաւ 1938 թուականի իրադարձութիւններուն եւ Հաթայի Թուրքիոյ սահմաններուն մէջ յայտնուելուն, 1940-ականներուն դէպի Սովետական Հայաստան ներգաղթին, Պաղ պատերազմի տարիներուն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան յարաբերութիւններուն, 1958 թուականի հայկական կուսակցական ներքին բախումներուն եւ անոնց հետեւանքով զոհուած երիտասարդներուն։

Այս ամբողջին մէջ Անդրանիկ Տագէսեան ընդգծեց, որ 1960-70-ականներուն Պէյրութի մեծագոյն քրիստոնեայ համայնքը կը կազմէին հայերը։

Պատմական տեղեկութիւններ փոխանցելու ժամանակ Անդրանիկ Տագէսեան Պոլսոյ եւ Պէյրութի հայութեանց շփումներուն մասին ալ խօսեցաւ։ Տարբեր ժամանակներու մէջ Պոլիսէն Պէյրութ հաստատուած դէմքերու շարքին ան առանձնացուց երգիծանկարիչ Տիրան Աճէմեանն ու դերասան Պերճ Ֆազլըեանը։

Նորագոյն ժամանակներու իրադարձութիւններու մասին խօսելով Անդրանիկ Տագէսեան բացատրեց, թէ արցախեան շարժման շրջանին ինչպիսի արձագանգ մը ստեղծուած էր Լիբանանի մէջ։ Պարքովիզիոնի վրայ ան ներկայացուց հետաքրքրական դրուագներ՝ գերեզմանաքարերէ սկսեալ մինչեւ լիբանանահայոց կողմէ կատարուած հրատարակութիւններու կողքերդընըըեւ ընկերային կեանքի վառ պահեր։ Ատենախօսը լիբանանահայութեան առօրեան մանրամասնելու ժամանակ բազմակողմանի բացատրութիւններ տուաւ ընկերատնտեսական ու մշակութային իրավիճակի մասին։ Հուսկ, Տագէսեան բացատրեց, որ Լիբանան համայնքներու երկիր մըն է եւ այնտեղ եւս հայութիւնը կը դիմագրաւէ նոր սերունդի խառն ամուսնութիւններու եւ արաբախօսութեան նման մարտահրաւէրներ։

Դասախօսութեան աւարտին Անդրանիկ Տագէսեան պատասխանեց նաեւ ներկաներու հարցումներուն։

Հարկ է նշել, որ հիւրընկալ հիմնարկի երդիքին տակ վաղը երեկոյեան ալ նախատեսուած է Տիգրան Զարգարեանի ելոյթը։

Հինգշաբթի, Յունուար 11, 2018