ԹՈՒՐՔԻԱ ԿԸ ԳՈՐԾԷ ԱՄՆ-Ի ՔԱՅԼԵՐԷՆ ԱՆԿԱԽ

Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու յայտարարեց, որ Եփրատի արեւելքին Թուրքիոյ կողմէ ԵՓԿ-ՓՔՔ-ի դէմ նախատեսուած գործողութիւնները կախում չունին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու զօրքերու Սուրիայէ դուրս բերուելէն։

Չավուշօղլու շեշտեց, որ ՓԵՏ-ԵՓԿ-ՓՔՔ-ի գոյութիւնը ապակայունութեան պատճառ կը դառնայ ու մեծ վտանգ մըն է տարածքաշրջանի տեսակէտէ։ Այդ կազմակերպութիւնը ճնշումներ կը գործադրէ ասորիներու, եզիտիներու եւ տարածքաշրջանի միւս ժողովուրդներուն վրայ։

«Երբ ահաբեկչական կազմակեպութեան մը հետ յանձնառութիւններու մէջ մտնէք, դժբախտաբար, չէք կրնար փրկուիլ անոր ազդեցութենէն։ Կամաց-կամաց ալ կը մտնէք անոր հակակշռին տակ։ Այսօր մեծ պետութիւն մը հակառակ մեր ՆԱԹՕ-ի դաշնակցութեան, հակառակ տարածքաշրջանէ ներս ցայսօր մեր ծաւալած համագործակցութեան, կը խօսի ահաբեկչական կազմակերպութիւն մը խրախուսելու ոճով՝ մանաւանդ նման պատրուակներով դուրս չգալը ճիշդ երեւոյթ մը չէ։ Պետութիւն մը պէտք է միշտ յարգէ իր խոստումը։ Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը միշտ կը յարգէ իր խոստումը», ըսաւ Չավուշօղլու ակնարկելով ԱՄՆ-ի առկայ դիրքորոշման։

Նախարարը աւելցուց, որ Մենպիչի ճանապարհային քարտէսի գործադրութեան առումով ԱՄՆ յարաբերաբար աւելի դրական ընթացքի մը հետեւիլ սկսած է։ Այդ ճանապարհային քարտէսը պէտք է ժամ առաջ գործադրուի եւ ԵՓԿ-ն պէտք է ամբողջութեամբ դուրս գայ Եփրատի արեւելքէն։

Նախարար Չավուշօղլու շեշտեց, որ ամերիկեան զօրքերու տարածքաշրջանէ դուրս գալէն կամ չգալէն անկախ՝ Թուրքիա անհրաժեշտը պիտի ընէ ահաբեկչական կազմակերպութեան դէմ, որ կը սպառնայ իր ազգային անվտանգութեան։

«Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Մեւլիւտ Չավուշօղլու յայտնեց նաեւ, որ Սուրիոյ տագնապին շուրջ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի միջեւ կը նախատեսուի հանդիպում։ Բացի այս հանդիպումէն, Աստանայի ձեւաչափով եռակողմանի գագաթաժողով մը կը ծրագրուի նաեւ նոյնպէս Սուրիոյ ճգնաժամին համար։ Էրտողանի եւ Փութինի առընթեր այդ գագաթաժողովին պիտի մասնակցի նաեւ Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի։

Երէկուան այս յայտարարութիւններով Մեւլիւտ Չավուշօղլու վերահաստատած եղաւ վերջին շրջանի տեղական մամուլին կողմէ կատարուած հաղորդումները, ըստ որոնց Էրտողան յառաջիկայ շրջանին երկու անգամ պիտի այցելէ Ռուսաստան։ Հարկ է նշել, որ եռակողմանի գագաթաժողովը նախատեսուած է Սոչիի մէջ։

Վերջերս Թուրքիայէն բարձրաստիճան պատուիրակութիւն մը, Չավուշօղլուի գլխաւորութեամբ, այցելած էր Մոսկուա։

Սուրիոյ տագնապը Անգարա-Մոսկուա օրակարգին վրայ երկար ատենէ ի վեր առաջնահերթ տեղ կը զբաղեցնէ։ Բաց աստի, այլ խնդիրներով ալ յագեցած է երկկողմանի օրակարգը։ Այսպէս ուժանիւթի բնագաւառէ ներս համագործակցութիւնը, ազգային արժոյթներով երկկողմանի առեւտուրի կազմակերպումը, Ս-400 հրթիռներու հարցը մաս կը կազմեն այս շարքին։

 

Ուրբաթ, Յունուար 11, 2019