ԻՍԹԱՆՊՈՒԼ-ԵՐԵՒԱՆ ՈՒՂԻՂ ԹՌԻՉՔՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՐ ԹԵԿՆԱԾՈՒ ԸՆԿԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԿԸ ՅՍՏԱԿԱՆԱՆ

Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացի վերաշխուժացման զուգահեռ շաբաթներէ ի վեր օրակարգի վրայ կը գտնուի նաեւ Իսթանպուլ-Երեւան ուղիղ թռիչքներու վերսկսման նիւթը։ Թէեւ բոլոր մանրամասնութիւնները տակաւին յստակացած չեն ու որոշ յապաղում մը կը նկատուի, սակայն նիւթը միշտ կը պահէ իր այժմէականութիւնը։ Ստեղծուած իրավիճակին մէջ աստիճանաբար կը յստականան այն թեկնածու ընկերութիւնները, որոնք պիտի իրականացնեն այդ թռիչքները։ «Արմէնփրէս» գործակալութիւնը երէկ տեղեկացուց, որ Հայաստանի Քաղաքացիական օդագնացութեան կոմիտէն Երեւան-Իսթանպուլ-Երեւան թռիչքները իրականացնելու համար արտօնութիւն տուած է երկու ընկերութեան։ Թուրքիայէն «Pegasus» եւ Հայաստանէն «FlyOne Armenia» ընկերութիւնները ապահոված են այդ թոյլտուութիւնը։ Հայաստանի Տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարարութեան աղբիւրները հաստատած են այս իրադարձութիւնը։

Նոյն ուղղութեան վրայ թռիչքներ իրականացնելու համար Քաղաքացիական օդագնացութեան ընդհանուր տնօրէնութիւնը միջոց մը առաջ Թուրքայէն լիազօրած էր «Pegasus» ընկերութիւնը։ Նկատի ունենալով, որ այս գործընթացը փոխադարձութիւն մը կ՚ենթադրէ իր բնոյթով ու տրամադրութիւնով, ստեղծուած իրավիճակին մէջ շատ հաւանական է, որ Թուրքիան ալ այդ թռիչքներուն համար թոյլտուութիւն տայ «FlyOne Armenia»ին՝ որպէս Հայաստանի կողմէ այդ գործարքին ներգը-րաւուելիք ընկերութիւն։

Երեքշաբթի, Յունուար 11, 2022