ԴԷՊԻ ԱՇԽԱՐՀ ՈՒ ԿԵԱՆՔ…

Մարդը պատուհաններ կը բանայ կեանքին՝ աշխարհի վրայ։ Թէեւ ինքն իսկ է կեանքի առարկան, բայց ան միշտ կը նախնտրէ դիտարկել աշխարհն ու կեանքը այդ պատուհաններէն։ Փորձառութիւն, նոր գիտելիքներ, տարիք, երբեմն գիւտեր… Գործօններ, որոնք նոր պատու-հաններու բացման առիթ կը դառնան։

Երբ կը բացուին նոր պատուհաններ, ի՞նչ կ՚ըլլան հիները կամ աւելի ճիշդը՝ նախապէս բացուածները։ Կը փակուի՞ն. ո՛չ անպայման։ Այսինքն, մարդուն անվերջ որոնումները, յարատեւ մտահոգութիւնները, վերանորոգ կարիքները պատճառ կը դառնան, որ պատուհանի վրայ պատուհան բանայ՝ դէպի աշխարհ ու կեանք։

Ո՞վ կրնայ վճռել, թէ պատուհանէն կը ցոլանա՞յ իսկականը, թէ մարդ միշտ հակուած է իր ուզածը տեսնելու։ Չէ՞ որ, վերջին հաշուով մարդ այդ բոլորին կը նայի սեփական աչքով։ «Որքա՜ն ցաւալի է երջանկութեան նայիլ ուրիշներու աչքով», կ՚ըսէ Շէյքսփիր։ 

Չորեքշաբթի, Յունուար 11, 2023