ՂԱԼԱԹԻՈՅ ՅՈՒՆԱՑ ԵՐԲԵՄՆԻ ՎԱՐԺԱՐԱՆԸ՝ ՅԵՏ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՈՒԹԵԱՆ ԿԸ ՎԵՐԱԾՈՒԻ ՄՇԱԿՈՅԹԻ ԿԵԴՐՈՆԻ

Քաղաքիս յոյն համայնքին տեսակէտէ ներկայ տարեմուտին կարեւոր իրադարձութիւն մը եղաւ Ղալաթիոյ երբեմնի յունաց նախակրթարանի պատմական շէնքի վերաբացման հանդիսութիւնը։ Հարկ է նշել, որ Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ եւ Կեդրոնական վարժարանի հանդիպակաց կը գտնուի յունաց երբեմնի նախակրթարանը, որու շէնքը իսկապէս փառաւոր է՝ ճարտարապետական կոթողի մը նման։ Այս պատմական շէնքը երկար ժամանակէ ի վեր կ՚ենթարկուէր վերանորոգութեան։ Ծրագիրը ի վերջոյ ի կատար ածուած է եւ երբեմնի վարժարանի շէնքը յառաջիկայ շրջանին պիտի օգտագործուի՝ որպէս մշակոյթի կեդրոն։ Հիմնանորոգութեան նախագծի հեղինակները եղած են՝ ճարտարապետներ Կրիկորիս Փենելիս եւ Մուրատ Թապանլըօղլու։

Վերանորոգեալ շէնքի պաշտօնական բացման առթիւ կազմակերպուեցաւ յատուկ հաւաքոյթ մը, որու պատուոյ հիւրն էր Ուղղափառաց Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Տիեզերական Պատրիարքը։ Ներկայ էին նաեւ Իսթանպուլի մօտ Յունաստանի աւագ հիւպատոս Ճիորճինա Քալոկերոփուլոս, ծրագրի հովանաւորները՝ Մարին եւ Աթանասիոս Մարթինոսները եւ Յունաստանէն բազմաթիւ դէմքեր։ Հաւաքոյթի ընթացքին ելոյթով մը հանդէս եկաւ դպրոցի վաքըֆին վարչութեան ատենապետուհին՝ Մերի Քոմորոսանօ։ Յունաց Պատրիարքն ալ իր օրհնութեան պատգամը տուաւ ներկաներուն։ Ձեռնարկի տեւողութեան գործադրուեցաւ երաժշտական յայտագիր։ Մարիա Խարալամպոփուլոսի մականին ներքեւ երգչախումբ մը գործադրեց համերգային յայտագիր, որուն միացաւ նաեւ Յունաստանէն հիւրաբար քաղաքս եկած մեներգիչ Տիմիթրի Պասի։

Հաւաքոյթը իր աւարտին հասաւ ընդունելութեամբ, որու ընթացքին տեղեկացուեցաւ, որ մինչեւ յառաջիկայ մայիս տակաւին որոշ աշխատանքներ պիտի տարուին պատմական շէնքէն ներս եւ այդ փուլին դարձեալ պիտի կազմակերպուի բացման վերջնական պաշտօնական հանդիսութիւն մը։

Չորեքշաբթի, Յունուար 11, 2023