ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆ. «ԿԱՐԵՒՈՐ Է, ՈՐ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԵՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ ՄԻԱՅՆ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՉԸԼԼԱՆ, ԱՅԼԵՒ ԸԼԼԱՆ ԻՐԱԴԱՐՁՈՒԹԻՒՆՆԵՐ, ՈՐՈՆՔ Կ՚ԱՊԱՀՈՎԵՆ ԱՆՈՆՑ ԱՇԽՈՒԺՈՒԹԻՒՆԸ»

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ողջունելի քայլ համարեց Թուրքիոյ յայտարարութիւնը՝ օդային բեռնափոխադրումներու արգելքը դադրեցնելու մասին։

Երէկ, Նիկոլ Փաշինեան Երեւանի մէջ տուաւ ծաւալուն մամլոյ ասուլիս մը։ Հայաստանի կառավարութեան երդիքին տակ ան երկարաշունչ ելոյթ մը ունեցաւ զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ։ Բազմաբնոյթ հարցումներու պատասխանելու ժամանակ վարչապետը անդրադարձաւ նաեւ Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացին։

«Կարեւոր է, որ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ յարաբերութիւններուն մէջ ո՛չ միայն բանակցութիւններ տեղի ունենան, այլեւ՝ իրադարձութիւններ, որոնք կ՚ապահովեն այդ բանակցութիւններու աշխուժութիւնը։ Սա շատ կարեւոր է նաեւ յատուկ ներկայացուցիչներու աշխատանքին համար», ըսաւ Փաշինեան՝ յիշեցնելով Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի հետ ունեցած հեռախօսազրոյցն ու Փրակի հանդիպումը։ «Կարեւոր է աշխուժութիւն ունենալ յարաբերութիւններուն մէջ։ Կը յուսամ, թէ յառաջիկային երրորդ երկիրներուն համար պիտի բացուի ցամաքային սահմանը, ինչպէս նաեւ կ՚ակնկալենք սահմանի բացումը՝ դիւանագիտական անցագրի տէր անձերու համար», շարունակեց Փաշինեան։

Վարչապետի համոզմամբ, այս իրադարձութիւնները կարեւոր են ո՛չ միայն Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններուն առումով, այլեւ՝ միջազգային լոժիսթիք շղթաներու շատ լուրջ փոփոխութիւններու համատեսքին մէջ։

«Կը կարծեմ՝ այս տարածաշրջանը միջազգային բեռնափոխադրումներու առումով շատ աւելի հետաքրքրական կը դառնայ՝ քան անցեալի բաղդատմամբ, միջազգային մեծ կարեւորութիւն կը ստանայ։ Այս իմաստով, ի հարկէ, Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ սահմանի բացումը եւ երկաթուղիի բացումը շատ աւելի կլոպալ նշանակութիւն կը ստանայ։ Կը յուսամ, թէ մենք հնարաւորութիւն կ՚ունենանք այս ճանապարհով շարունակելու։ Պէտք է արձանագրեմ նաեւ պատրաստակամութիւնը՝ Երասխ-Սատարաք-Օրտուպատ-Մեղրի-Հորատիզ երկաթուղին վերականգնելու վերաբերեալ։ Կայ շահագրգռութիւն Հայաստանի տարածքով բեռնափոխադրումներու իրականացման, արեւելք-արեւմուտք ուղղութիւններով ճանապարհներու բացման, նաեւ նոր ճանապարհներու կառուցման ուղղութեամբ։ Միակ բանը, որ այս ամէն ինչը կը խանգարէ՝ Ատրպէյճանի շարունակական խօսոյթն է միջանցքներու մասին։ Մենք պատրաստ ենք իրագործել հայկական խաչմերուկի մեր տեսլականը։ Կը հասկնանք նաեւ, որ ձեզի յայտնի հանգամանքներու բերումով միջազգային բեռնափոխադրումներու, լոժիսթիք շղթաներու եւ ուղիներու կլոպալ փոփոխութիւններ տեղի կ՚ունենան եւ այս փոփոխութիւնները կրնան օգտագործուիլ ի նպաստ տարածաշրջանէն ներս կայունութեան, խաղաղութեան, այլ ոչ թէ հակառակ։ Այդ պարագային շատ աւելի աշխոյժ կ՚ըլլայ հիւսիս-հարաւ ճանապարհային եւ երկաթուղային բեռնափոխադրումներու իրականացումը։ Այս պարագային մենք կը խօսինք նաեւ Հայաստանի եւ Նախիջեւանի, այսինքն Ատրպէյճանի տարածքով Իրան-Հայաստան եւ Իրան-Ատրպէյճան, նաեւ Իրան-Ռուսաստան երկաթուղային հաղորդակցութեան վերականգնման մասին։ Մենք պատրաստ ենք այս ուղղութեամբ երթալ», շարունակեց Փաշինեան։

Նկատի ունենալով, որ յառաջիկային Թուրքիոյ եւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականները վերստին պիտի հանդիպին եւ հաւանական դարձած են երկու երկիրներու ղեկավարներու փոխադարձ այցելութիւնները՝ Նիկոլ Փաշինեան ըսաւ. «Սա կախուած է, ի հարկէ, ընդհանուր իրավիճակէն եւ երկու կողմերու քաղաքական կամքէն։ Կը կարծեմ՝ կարելի է օգտագործել յարաբերութիւններու կարգաւորման այն դրական հնարաւորութիւնները, որոնք կը ստեղծուին»։

Ի շարունակութիւն այս պատասխաններուն՝ Նիկոլ Փաշինեան աւելցուց. «Եթէ կը փափաքինք, որ Հայաստան իսկապէս զարգացած եւ անվտանգ պետութիւն մը ըլլայ, պէտք է մտածենք տարածաշրջանէն ներս մեր յարաբերութիւններու որակը փոխելու մասին։ Պատմականօրէն մենք մեր տարածաշրջանէն ներս աւելի շատ մտավախութիւններ ունեցած ենք՝ քան տեսած ենք հնարաւորութիւններ։ Կը կարծենք՝ գուցէ ժամանակն է, որպէսզի փոխենք մեր դիտանկիւնը»։

Իր խօսքով՝ տարածաշրջանէն ներս յարաբերութիւններու որակը չփոխելու պարագային Հայաստան չի կրնար կառավարել իրեն ուղղեալ առկայ սպառնալիքները։

Իր յայտարարութիւններուն մէջ Փաշինեան երկար խորհրդածութիւններ ըրաւ նաեւ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններուն եւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին շուրջ՝ մանաւանդ, որ ամիսէ մը ի վեր Լաչինի միջանցքը փակ կը մնայ։ Իր խօսքով՝ Հայաստանի բանակի մարտունակութիւնը շատ կարեւոր է, առանց մարտունակ զինեալ ուժերու հնարաւոր չէ խաղաղութիւն, սակայն, խաղաղութիւն հնարաւոր չէ նաեւ միայն մարտունակ բանակով։

Հարցումի մը պատասխանելով՝ Նիկոլ Փաշինեան անդրադարձաւ նաեւ Հայաստանի՝ Ռուսաստանի հետ միութենական պետութեան մը մաս կազմելու վերաբերեալ հարցերուն, որոնք յաճախ կ՚արծարծուին վերջին շրջանին։ Ըստ վարչապետին, Հայաստանի այդպիսի պաշտօնական առաջարկ մը չէ ներկայացուած, բայց իրականութիւնը այդքան ալ պարզ չէ։ 

Չորեքշաբթի, Յունուար 11, 2023