ՆՈՐ ՄԱՐՏԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

«Քարնեկի» հիմնադրամի յառաջատար վերլուծաբան Թոմաս տը Վաալ, որ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին քաջատեղեակ միջազգային մասնագէտներու շարքին կը դասուի, վերջերս «Ազատութիւն» ռատիօկայանին հարցազրոյց մը տուաւ՝ Լաչինի միջանցքին Ատրպէյճանի կողմէ փակուած ըլլալով պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ։ Այս առթիւ Թոմաս տը Վաալ յայտնած է, որ իր կարծիքով՝ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ հետաքրքրուած չէ նոր լայնածաւալ հակամարտութիւն մը հրահրելով։ Ստորեւ կը ներկայացնենք հարցազրոյցին սղագրութիւնը։

*

-Տակաւին սեպտեմբերին դուք ըսած էիք, որ Ալիեւի նպատակն է Հայաստանը ստիպել խաղաղութեան պայմանագիր ստորագրելու՝ հրաժարելով Ղարաբաղի վերաբերեալ յաւակնութիւններէն եւ ստանալով այսպէս կոչուած «միջանցքը»։ Այն ինչ, որ հիմա տեղի կ՚ունենայ Լաչինի մէջ, արդէն կարելի՞ է դաշտի վրայ յստակ գործողութիւն նկատել։

-Ի հարկէ, հիմա տեղի ունեցածը գետնի վրայ շատ լուրջ գործողութիւն է։ Կը վախնամ, որ 2023 թուականը ըլլայ լարուած, ծանր։ Ես յոյս ունիմ, թէ նոր հակամարտութիւն չ՚ըլլար, բայց, ի հարկէ, այդ բանին նշանները արդէն տեղւոյն վրայ են, որովհետեւ տակաւին լուրջ բանակցութիւններ չեն ընթանար եւ տակաւին 2020-ի նոյեմբերի համաձայնութիւնները չեն գործեր, չկայ Լաչինի ճանապարհով տարանցում։ Սա եռակողմանի յայտարարութեան հիմնական դրոյթներէն է։ Կան լուրջ մտավախութիւններ, թէ Ղարաբաղի հայերու ճակատագիրը եւ Զանգեզուրի միջանցքի հարցը աւելի շուտ պիտի որոշուին գետնի վրայ եւ ո՛չ թէ բանակցութիւններով։ Ի հարկէ, կան լուրջ փորձեր՝ յունուարին Պրիւքսելի մէջ վերականգնելու համար բանակցութիւնները։ Տեսնենք, ինչ կ՚ըլլայ։ Բայց, առայժմ իրավիճակը շատ լուրջ է։

-Այսինքն, Հայաստան կըտ-րուկ կը մերժէ ինքնիշխան տարածք մը տալը եւ սա կը նշանակէ, որ պատերազմը անխուսափելի՞ է։

-Չէ՛, չէ։ Այդպէս չեմ ըսեր, կը կարծեմ, որ եթէ հակամարտութիւն ըլլայ, անոր ծաւալը փոքր կ՚ըլլայ՝ բաղդատմամբ 2020-ին մեր տեսածին։ Մի գուցէ նաեւ այն պատճառով, որ հայկական կողմի ռազմական պաշարները քիչ են։ Իմ կարծիքով, նախագահ Ալիեւ հետաքրքրուած չէ նոր լայնածաւալ հակամարտութեամբ։ Աւելի շատ ան կը փորձէ հասնիլ այն նպատակին, որ եթէ այն, ինչ չստացուի բանակցութիւններով, փորձէ այդպէսով ճնշում բանեցնել հայկական կողմին վրայ։ Տեսնենք՝ արդեօք սա կը ստացուի՞։ Հիմա, ի հարկէ, Ռուսաստանի մէջ տօնական շրջան է։ Կը կարծեմ՝ եթէ ոչ այժմ, ապա մէկ շաբաթէն Մոսկուայի աշխուժացման ականատես պիտի ըլլանք, որովհետեւ, տեղի ունեցածը հարուած է ո՛չ միայն բանակցութիւններուն, այլեւ տարածաշրջանէ ներս Մոսկուայի հեղինակութեան։

-Ինչո՞ւ Ռուսաստան չի միջամտեր, չէ՞ որ, ըստ եռակողմանի յայտարարութեան, սա իր պատասխանատուութեան գօտին է։

-Այո՛, սա շատ կենսական հարց մըն է, որու պատասխանը չունիմ։ Կայ այսպէս ըսուած աւելի ընդհանրական պատճառ մը, թէ Ռուսաստանի բոլոր՝ ռազմական, տնտեսական եւ քաղաքական պաշարները ուղղուած են Ուքրայնային։ Ի հարկէ, Ղարաբաղի մէջ մնացած է խաղաղապահ առաքելութիւնը, բայց, այդ մէկը այլեւս այնքան ուժեղ ու արհեստավարժ չէ՝ ինչքան, ըսենք, տարի մը առաջ։ Պատճառներէն մին է, որ Մոսկուա, ինչպէս գիտէք, երկար տարիներէ ի վեր կը փորձէ լաւ յարաբերութիւններ ապահովել թէ՛ Երեւանի եւ թէ Պաքուի հետ՝ ակնկալելով նաեւ անոնց աջակցութիւնը։ Ուստի, երկրորդ գործօնն է, որ ռուսերը չեն փափաքիր բարկացնել Ատրպէյճանը։ Բայց, իրականութեան մէջ հիմա տեղի ունեցածը կը խարխլէ 2020-ի նոյեմբերի համաձայնութիւններն ու Մոսկուայի հեղինակութիւնը, որովհետեւ, ինչպէս նշեցիք, Ռուսաստանի պատասխանատուութիւնն է Լաչինի միջանցքին բաց պահուիլը։

-Այսինքն համաձայն չէ՞ք Երեւանի մէջ շատ յաճախ հըն-չող այն պնդման հետ, թէ Ռուսաստան դէմ չէ Հայաստանի վրայ այս ճնշման, որովհետեւ այդ միջանցքը իրեն ալ պէտք է։

-Ո՛չ, նախ կան Մոսկուայի տարբեր հետաքրքրութիւնները։ Չեմ կարծեր, որ Քրեմլինի մէջ նստած մէկ մարդ կը կայացնէ Կովկասի, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի հարցերով բոլոր որոշումները։ Այնտեղ կան զանազան՝ ռազմական, տնտեսական, քաղաքական հետաքրքրութիւններ եւ Ռուսաստանը միշտ՝ արդէն 30 տարիէ ի վեր կը մանեւրէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ։ Այո՛, կայ Մոսկուայի հետաքրքրութիւնը, որպէսզի բացուի դէպի Նախիջեւան ճանապարհը եւ անոր անվտանգութիւնը ապահովեն իր անվտանգութեան ուժերը՝ ինչպէս 2020-ի եռակողմանի յայտարարութեան մէջ նշուած է։ Բայց կայ նաեւ Ռուսաստանի մէկ այլ հետաքրքրութիւն, թէ իր առաքելութիւնը մնայ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ աւելի երկար ժամանակով՝ յատկապէս 2025-էն յետոյ։ Եւ, ի հարկէ, ինչպէս մինչեւ 2020-ի պատերազմն էր, Մոսկուան դէմ չէ, որպէսզի հայերու վրայ ճնշում ըլլայ։ Պաքուի եւ Մոսկուայի մէջ ունին այն տպաւորութիւնը, թէ Հայաստան կը ձգձգէ բանակցութիւնները, Ատրպէյճանի մէջ ալ, Ռուսաստանի մէջ ալ կ՚ակնկալէին, որ 2022 թուականին ստորագրուի խաղաղութեան պայմանագիրը։ Եւ, ի հարկէ, կայ նաեւ Պաքուի տեսակէտը, թէ Ռուբէն Վարդանեան այսպէս կոչուած Քրեմլինի նախագիծ մըն է, Փութինի դրածոն է։ Ես այդպէս չեմ կարծեր, բայց, համաձայն եմ, թէ Վարդանեանի Ղարաբաղ երթալը բարդացուց բանակցային գործընթացը։

-Ինչո՞ւ այդպէս կը կարծէք։

-Որովհետեւ ան աւելի ուժեղ, հեղինակութիւն ունեցող կերպար մըն է, իսկ Պաքուի մէջ կը կարծէին, որ կը կարողանան պայմանաւորուիլ տեղւոյն հայերուն հետ։ Կան, ի հարկէ, կասկածներ Վարդանեանի նկատմամբ։ Ո՞վ է ան։ Կայ տնտեսական գործօնը, որու մասին գրուեցաւ, թէ Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի տնտեսական հետաքրքրութիւնները կը բախուին Լեռնային Ղարաբաղի մերձակայքի հանքավայրերուն շուրջ։

-Որքան հասկցայ, դուք տակաւին այն կարծիքը ունիք, թէ Ռուսաստան ուժեղ միջնորդ մըն է։ Եւ կամ Մոսկուա այլեւս չունի՞ լծակներ Պաքուի վրայ ազդելու համար։

-Ես, ի հարկէ, բազմիցս ըսած եմ, որ Եւրոմիութիւնը շատ աւելի չէզոք, հեղինակաւոր միջնորդ մըն է, որ անհամեմատ աւելի մեծ վստահութիւն ունի Պաքուի եւ Երեւանի մէջ, իսկ աւելի քիչ՝ Ստեփանակերտի մէջ։ Բայց, միեւնոյնն է, գլխաւոր դիւանագիտական խաղացողները Պաքուն եւ Երեւանն են ու որքան Եւրոմիութիւնը ներգրաւուի այս գործընթացին մէջ, այնքան աւելի լաւ է։ Կայ նաեւ յոյս, թէ այս տարի կը վերականգնուի Եւրոմիութեան սահմանային ծառայութիւնը եւ կը սկսի Ալիեւի եւ Փաշինեանի բանակցութիւններու նոր փուլ մը՝ Շարլ Միշելի միջնորդութեամբ։ Այլ տարբերակ պարզապէս չեմ տեսներ եւ կը կարծեմ, թէ Երեւանի եւ Պաքուի մէջ կայ ըմբռնում, որպէսզի այսպէս՝ խաղաղութեան ճանապարհով կարելի է շատ բանի հասնիլ։

-Հայաստանի մէջ աշխուժօրէն կը քննարկուի Արեւմուտքի՝ ներառեալ ռազմական օժանդակութեան հարցը։ Կը կարծէք, թէ իրատեսակա՞ն է։

-Ցաւօք, այդքան ալ իրատեսական չէ։ Կը կարծեմ՝ կայ տարածաշրջանի գործերուն աւելի փափուկ ձեւով խառնուելու տարբերակ՝ դիտորդներով, տնտեսական, թեքնիք աջակցութեամբ։ Բայց, անվտանգութեան գլխաւոր գործօնը կը մնայ Ռուսաստանի առաքելութիւնը Ղարաբաղի մէջ։ Սա կը մնայ գործօն նոյնիսկ Ուքրայնայի պատերազմին ժամանակ։ Բայց արդէն ժամանակն է քննարկելու, թէ ի՞նչ պիտի ըլլայ Ղարաբաղի մէջ 2025 թուականին։ Ի՞նչ առաքելութիւն պիտի գործէ. ռուսակա՞ն, թէ միջազգային, գուցէ միջազգային դիտորդական ինչ-որ առաքելութիւն։ Բայց պէտք է գտնել այլընտրանքը հայերու էթնիք զտումներուն, որ ո՛չ միայն ինքնին ողբերգութիւն է, այլեւ ճանապարհ դէպի նոր բախումներ, նոր հակամարտութիւն։

-Ինչո՞ւ Արեւմուտքը գոնէ պատժամիջոցներ չի սահմաներ Ատրպէյճանի դէմ։ Չէ՞ որ արդէն մարդասիրական տագնապ մը յառաջացած է։

-Պատժամիջոցները վերջին զէնքն են։ Ի հարկէ, այս պահուն Արեւմուտքի համակրանքը աւելի շատ Հայաստանի կողմն է, բայց 30 տարուան հակամարտութիւնը, ինչպէս Արեւմուտքին մէջ համոզուած են, հրեշտակներ չունէր, բռնութիւն եղած է երկու կողմերէն ալ։ Բացի այդ, կայ փափաք համագործակցելու Ատրպէյճանի հետ՝ նոյնիսկ այս իրավիճակին մէջ։ Ուստի, պատժամիջոցներու բեմագրութիւնը չի քննարկուիր։

-Վերադառնալով Լաչինի միջանցքի նիւթին։ Ի՞նչ կը կարծէք՝ իրականութեան մէջ ի՞նչ է Ատրպէյճանի, խաղաղապահներու եւ Լեռնային Ղարաբաղի միջեւ բանակցութիւններու առարկան։ Դժուար թէ անոնք բնապահպանական խնդիրներ քննարկեն։

-Ատրպէյճան յաւակնութիւններ ունի եւ իրականութեան մէջ սա կարելի է հասկնալ։ Ատրպէյճանի դիտարկումները շահապաշտ են, թէ չկայ թափանցիկութիւն, ի՞նչ անցած է Լաչինի միջանցքով, արդեօք եղա՞ծ են ականներ, զէնք։ Կամ ի՞նչ քաղաքացիութեան մարդիկ անցած են այդտեղով։ Թափանցիկ դրութիւն մը չէ եղած եւ այդ իմաստով կարելի է հասկնալ։ Ի հարկէ, սա պատճառ չէ Լաչինի միջանցքը ամբողջութեամբ փակելու, Ղարաբաղը շրջափակելու համար, բայց, կը կարծեմ, եթէ հիմա բանակցութիւններ կ՚ընթանան, իսկ սա ճիշդ է, ապա օրակարգին վրայ այդ հարցը կայ, որպէսզի ըլլայ աւելի թափանցիկ դրութիւն մը, ո՛վ եւ ի՛նչ կարելի է անցընել Լաչինի միջանցքով։

-Այլ խօսքով՝ ո՞ր պայմաններու պարագային Լաչինի միջանցքը կը բացուի։

-Չեմ գիտեր, որովհետեւ, ինչպէս գիտէք, Իլհամ Ալիեւի յաւակնութիւնները բարձր են։ Ան շատ բան փափաքեցաւ 2022-ին, ճանապարհ դէպի Նախիջեւան, այսպէս կոչուած խաղաղութեան պայմանագիր։ Եւ իր մօտ որեւէ բան չստացուեցաւ։ Եւ, ի հարկէ, այս շրջափակումը, այս ճնշումը միայն Լաչինի միջանցքի համար չէ, ցաւօք։ Այս մէկը աւելիին համար է։

-Իսկ արդեօք փակուղի չե՞ն մտած Լեռնային Ղարաբաղի հարցով բուն բանակցութիւնները։

-Ո՛չ, բանակցութիւնները երբեք փակուղիի չեն մատնուած, որովհետեւ կա՛մ համաձայնութիւն ձեռք չէ բերուած կամ ալ պատերազմ չէ սկսած։ Կը կարծեմ, որ եթէ Ատրպէյճան երթայ սրացումներու, պիտի ըլլայ Ռուսաստանի եւ Արեւմուտքի արձագանգը։ Ատրպէյճանը Ռուսաստան չէ, ան աւելի միջին կարգի երկիր մըն է, որ կը հասկնայ, թէ պէտք է ունենալ որոշ լծակներ, բայց նաեւ պէտք է զգոյշ ըլլալ, երբ կը շօշափուին Ռուսաստանի եւ Արեւմուտքի հետաքրքրութիւնները։

-Այսինքն դուք այսօր կը տեսնէք Ղարաբաղը հայկական պահելու հնարաւորութիւն։

-Եթէ անկեղծ ըսեմ, այստեղ Լոնտոնի մէջ նստած չեմ գիտեր։ Չէի փափաքիր նոր բախում կանխատեսել, բայց Աստուած գիտէ։ Կայ հաւանականութիւն, որ ճանապարհը կը բացուի եւ Ղարաբաղի շատ հայեր ուղղակի կը հեռանան, որովհետեւ այնտեղ պայմանները անտանելի են։ Մի գուցէ այս իսկ բանն է Ատրպէյճանի մարտավարութիւնը, որ որքան հնարաւոր է շատ ղարաբաղահայեր ուղղակի հեռանան առանց հակամարտութեան։ Տեսնենք՝ ինչ կը ստացուի, բայց որքան երկար շարունակուի շրջափակումը, ի հարկէ, Ղարաբաղի հայերու համար պայմանները կը դառնան աւելի ու աւելի ծանր։

-Կը հարցնեմ, որովհետեւ Ատրպէյճան կը հրաժարի Ղարաբաղի հայերու հետ խօսելէ որեւէ միջազգային դրութեան ներքեւ։ Բայց այդ պարագային ի՞նչ երաշխիք կարող է ըլլալ, որպէսզի Ղարաբաղի մէջ ընդհանրապէս հայեր մնան։

-Ի հարկէ, վատագոյն տարբերակը միշտ հնարաւոր է։ Ինչ կը վերաբերի բանակցութիւններուն, կը կարծեմ, այնուամենայնիւ, անոնք կ՚ընթանան եւ անցեալ տարի ալ ընթացած են, բայց երկկողմանի գաղտնի ձեւաչափով։ Եւ Ռուբէն Վարդանեանի գործօնը բարդացուց բանակցային գործընթացը, որ կ՚ընթանար Պաքուի եւ Ստեփանակերտի միջեւ։ Շատեր ըսած են ու կ՚ըսեն, որ Ղարաբաղի հայերու ճակատագիրը այս հակամարտութեան արմատն է եւ հարցը բռնութեամբ լուծելու փորձը պիտի նշանակէ նոր հակամարտութիւն։ Այս բանը այնպէս անաղմուկ տեղի չ՚ունենար։ Կը կարծեմ՝ Պաքուի մէջ շատեր սա կը հասկնան, անոնք ունին առաւելապաշտական դիրքորոշում, որովհետեւ կը կարծեն, թէ շատ դրական գործօններ ունին, բայց, միեւնոյն ժամանակ կը գիտակցին, որ պէտք է զգոյշ գործել։ Որովհետեւ եթէ նոր՝ նոյնիսկ փոքր հակամարտութիւն մը ըլլայ, ապա այնպիսի հարցեր. օրինակ՝ Նախիջեւանի միջանցքը եւ այլն, ուղղակի կը փակուին։   

Չորեքշաբթի, Յունուար 11, 2023