ԱՆԳԱՐԱ ԿԸ ԳՆԱՀԱՏԷ ՓԱՇԻՆԵԱՆԻ ՊԱՏԳԱՄՆԵՐԸ
Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան յայտարարեց, որ Թուրքիա դրական կը գնահատէ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի պատգամները՝ տարածաշրջանէն ներս խաղաղութեան հաստատման վերաբերեալ։
Հաքան Ֆիտան երէկ Իսթանպուլի մէջ սարքեց մամլոյ ասուլիս մը, որու ընթացքին տեղական եւ միջազգային զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն առջեւ մանրամասնօրէն արժեւորեց օրակարգը։ Իր յայտարարութիւնները արձագանգ գտան նաեւ հայկական լրահոսին մէջ։
Անդրադառնալով Հայաստան-Ատրպէյճան ենթադրեալ խաղաղութեան պայմանագրի շուրջ բանակցութիւններուն՝ նախարարը նշեց, որ Հայաստան կ՚ընթանայ տարածաշրջանային երկարաժամկէտ ռազմավարութեան ընկալմամբ։ Ան շարունակեց.
«Կը կարեւորենք, որ վարչապետ Փաշինեան այս ուղղութեամբ դրական պատգամներ կու տայ։ Կ՚արձանագրենք, որ խաղաղութեան ի նպաստ իր ցուցաբերած դիրքորոշումը կը նպաստէ գործընթացի դրական յառաջընթացին։ Կը շարունակենք մեր աջակցութիւնը երկկողմանի բանակցութիւններուն՝ առանց միջնորդի։ Խաղաղութեան հաստատումը մեր տարածաշրջանի զարգացման համար աննախադէպ նոր հնարաւորութիւններ կը բերէ»։
Հաքան Ֆիտան շեշտեց, որ Թուրքիա կեդրոնացած է իր հարեւաններուն հետ ամուր գործընկերութիւններ հաստատելու վրայ։ Իր խօսքով՝ Թուրքիա կը շարունակէ տարածաշրջանի բազմաթիւ երկիրներու հետ դաշնակցային կապերը ամրապնդելու, խտացեալ ու առաջքը առնող դիւանագիտութեան մը երթեւեկը վարելու եւ ի յայտ կու գայ՝ որպէս ազդու եւ հեղինակաւոր միջազգային դերակատար մը։