ԵՐԿԵՐԵՍՈՒԹԵԱՆ ԴԷՄ ՊՈՌԹԿՈՒՄ
Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլու երէկ Լախէյի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Հոլանտայի Վարչապետ Մարք Ռութթէի հետ։ Հարկ է նշել, որ Հոլանտա ներկայիս Եւրոմիութեան շրջանային նախագահ երկիրն է։ Լախէյի մէջ Տավուտօղլու եւ Ռութթէ համատեղ սարքեցին մամլոյ ասուլիս մը։ Այս առթիւ վարչապետը շեշտեց, թէ Եւրոմիութեան կողմէ նախատեսուած 3 միլիառ եւրօ արժողութեամբ յատկացումը չի կատարուիր Թուրքիոյ համար, այլ պիտի ծախսուի Սուրիայէն խոյս տուած ապաստանեալներուն համար։ «Թուրքիա գաղթականաց սակարկութեան մէջ մտնելու չափ մարդկային խիղճէ հեռացած երկիր մը չէ», ըսաւ Տավուտօղլու, որ իր հոլանտացի պաշտօնակցին հետ քննարկեց ապաստանեալներու վերաբերեալ խնդիրները։ Ըստ իրեն, գաղթականներու նիւթը մարդկութեան խնդիրն է եւ անոնց նկատմամբ խնդրոյ առարկայ է մարդկային պատասխանատուութիւն մը։ «Երբ այս բոլորը հետզհետէ աւելի նկատելի դարձան, մեր համագործակցութեան դաշտն ալ ընդլայնուեցաւ», ըսաւ Ահմէտ Տավուտօղլու, որ բուռն քննադատութեան ենթարկեց Թուրքիոյ ուղղուած կոչերը՝ սուրիացի գաղթականներուն դռները բանալու համար։ Վարչապետը յիշեցուց, որ Թուրքիա-Սուրիա սահմանը երբեք չէ փակուած։
Տավուտօղլուի խօսքերով, Սուրիոյ ճգնաժամի յաղթահարման ճանապարհին կարգ մը շրջանակներ կը դրսեւորեն անտարբերութիւն։ Դժբախտաբար ՄԱԿ-ի անվտանգութեան խորհուրդն ալ կը գտնուի նոյն ծիրին մէջ։ Այդ նոյն շրջանակները չեն կրնար կասեցնել Սուրիոյ մէջ Ռուսաստանի ռմբակոծումները, որոնք պատճառ կը դառնան գաղթականաց ալիքի։ Այն շրջանակները, որոնք չեն կրնար կասեցնել Ռուսաստանը, Թուրքիոյ պարագային կոչ կ՚ուղղեն, որպէսզի բանայ իր սահմանները։ Տավուտօղլուի բնորոշմամբ սա կը համարուի երկերեսութիւն։ Թուրքիա 2.6 միլիոն սուրիացի գաղթական կը հիւրընկալէ ներկայիս եւ այդ մասին ոեւէ մէկուն հաւանութիւնը չէ ստացած։ Ներկայիս երկրի սահմաններուն մօտ հասած 60 հազար սուրիացիներուն ալ ամէն տեսակ հնարաւորութիւն կ՚ընձեռուի սահմանին միւս կողմը։ Այս բանը ընելու ժամանակ ալ Թուրքիա ոեւէ մէկուն բան մը չէ հարցուցած։ «Մենք կ՚ընդունինք անոնք, որոնք գալ կը փափաքին, սակայն մեր հիմնական առաջնահերթութիւնն է գաղթականաց ճամբար մը ստեղծել Սուրիոյ տարածքէն ներս», ըսաւ Տավուտօղլու։
Լախէյի իր յայտարարութիւններուն մէջ Տավուտօղլու ընդգծեց, որ Թուրքիա միշտ բաց պահած է իր Սուրիոյ սահմանը, հակառակ ամբողջ ծանր բեռին։ Բաց եղած են Թուրքիոյ սահմանը Սուրիոյ հետ, սիրտը, ճաշը եւ տունը։ Ան մտահոգութեամբ արտայայտուեցաւ Հալէպէն դէպի Թուրքիա հասնող մարդասիրական լոժիսթիք միջանցքի բարբարոս ղեկավարութեան կողմէ խցանման շուրջ։ Սովի հետ դէմ յանդիման պիտի մնան բազմաթիւ սուիացիներ, որոնք Հալէպէն Թուրքիա հասնելու հնարաւորութիւն չեն ունենար։ «Անոնք, որոնք չեն յարգեր իրենց վիճակած պատասխանատուութիւնը, խօսքի իրաւունք չունին», ըսաւ վարչապետը։