ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԵՒ ԻՍՐԱՅԷԼԻ ՄԻՋԵՒ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐ Կ՚ԸՆԹԱՆԱՆ ԺԸՆԵՒԻ ՄԷՋ՝ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԲՆԱԿԱՆՈՆԱՑՄԱՆ ՆՊԱՏԱԿՈՎ
«Մավի Մարմարա» նաւուն պարագային ապրուած ճգնաժամէն վերջ, Թուրքիա-Իսրայէլ յարաբերութիւններու բնականոնացման ուղղեալ ջանքերը կը շարունակուին։ Կը հաղորդուի, որ երկու երկիրներու դիւանագէտներն ալ արդէն աշխատանքի լծուած են այս ուղղութեամբ։ Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի միջեւ երկու ամսուան պարբերութենէ մը վերջ տեղի ունեցած են բանակցութիւններ։ Ժընեւի մէջ նախընթաց օրուան ուշ երեկոյեան սկսած են բանակցութիւնները։ Ինչպէս աւելի առաջ, այս հանգրուանին եւս Թուրքիան ներկայացուց Արտաքին գործոց նախարարութեան խորհրդատու դեսպան Ֆերիտուն Սինիրլիօղլու։ Իսրայէլի պատուիրակութիւնը գլխաւորեցին Վարչապետ Պենիամին Նեթանիայուի խորհրդականներէն Ճոզըֆ Սիէչանովըր եւ ազգային անվտանգութեան գծով խորհրդական Ճեքըփ Նեկըլ։
Բանակցութիւններուն ընթացքին քննարկումներ ծաւալուեցան այն համաձայնութեան նախագծին վրայ, որ երեք տարիէ ի վեր կը զբաղեցնէ Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի համատեղ օրակարգը։ Դիւանագէտները ներկայիս կը փորձեն վերջնականօրէն տեսքի բերել այդ համաձայնութեան բովանդակութիւնը։ Իրաւասուներուն կողմէ տրամադրուած տուեալներով, հատուցման հարցին շուրջ արդէն գոյացած է համաձայնութիւն։ Ներկայիս որոնումները կը շարունակուին Թուրքիոյ այն պահանջին վրայ, որով կը նախատեսուի Կազզէի դէմ շրջափակման դադրեցուիլը։ Իսրայէլի իրաւասուները «Հաարէց» թերթին տեղեկացուցած էին, թէ իրենց տեսակէտէ համաձայնութիւն չէ գոյացած երկու նիւթի շուրջ, որոնցմէ մին է թրքական նաւերու Կազզէի նաւահանգիստը հասնիլը, իսկ միւսը՝ Թուրքիոյ մէջ Համասի գրասենեակներուն փակուիլը։
Ժընեւի բանակցութիւններուն ընթացքին օրակարգի վրայ են 20 միլիոն տոլար արժողութեամբ հատուցման ֆոնտի մը ստեղծուիլը, երկու երկիրներուն կողմէ փոխադարձ դեսպաններու նշանակումը եւ Կազզէի դէմ շրջափակման դադրեցուիլը։ Նոյնպէս օրակարգի վրայ է Իսրայէլի բնական կազին Թուրքիոյ վրայով դէպի Եւրոպա տարանցումը։
Եթէ երկու երկիրներուն միջեւ համաձայնութիւն գոյանայ, հաւանական է, որ Թուրքիոյ կողմէ Իսրայէլի մօտ դեսպան նշանակուի Արտաքին գործոց նախարարութեան Մերձաւոր Արեւելքի բաժանմունքի ընդհանուր տնօրէն Ճան Տիզտար։
Անցեալ Յունուարին, դէպի Սէուտական Արաբիա կատարած այցելութենէն վերադարձին, Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան փոխանցած էր այն պատգամը, թէ հաշտ աչքով պիտի դիտէ Թուրքիա-Իսրայէլ յարաբերութիւններու վերստին բնականոնացումը։ «Իսրայէլ տարածքաշրջանէ ներս կը կարօտի Թուրքիոյ նման երկրի մը։ Մենք ալ պէտք է ընդունինք, թէ Իսրայէլի կարիքը ունինք։ Սա տարածքաշրջանի իրականութիւնն է», ըսած էր Էրտողան լրագրողներու հետ զրուցելու ընթացքին։