ԽԻՍՏ ԱԶԴԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

Թուր­քիա-Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն մէջ վեր­ջին օ­րե­րուն կ՚ապ­րուի լուրջ լա­րուա­ծու­թիւն մը։ Ճգնա­ժա­մա­յին ի­րա­վի­ճակ­նե­րու բնո­րոշ յայ­տա­րա­րու­թիւն­ներ կը փո­խա­նա­կուին Ան­գա­րա­յի եւ Ո­ւա­շինկ­թը­նի մի­ջեւ։ Առ­կայ ցրտու­թեան հիմ­նա­կան նպա­տակն է ՓԵՏ ա­հա­բեկ­չա­կան կազ­մա­կեր­պու­թեան նկատ­մամբ ե­րկու մայ­րա­քա­ղաք­նե­րուն կող­մէ որ­դեգ­րուած հիմ­նո­վին տար­բեր դիր­քո­րո­շու­մը։

ԱՄՆ-ի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան բան­բեր Ճոն Քըր­պի նա­խըն­թաց օր յայ­տա­րա­րած էր, թէ Ո­ւա­շինկ­թըն ի տար­բե­րու­թիւն ՓՔՔ­-էն՝ ա­հա­բեկ­չա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն չի հա­մա­րեր ՓԵՏ-ն։ Այդ խօս­քե­րէն վերջ Ան­գա­րա­յի մօտ ԱՄՆ-ի դես­պան Ճոն Պեսս հրա­ւի­րուած էր Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թիւն։ Բան­բեր Քըր­պի ա­ւե­լի վերջ կրկնեց, թէ ՓԵՏ-ի նկատ­մամբ Ո­ւա­շինկ­թը­նի դիր­քո­րոշ­ման մէջ փո­փո­խու­թիւն մը չկայ։ Այս ի­րե­րա­մերժ յա­մառ դիր­քո­րո­շում­նե­րը ար­դէն զգա­լիօ­րէն խո­րա­ցու­ցին կող­մե­րու մի­ջեւ առ­կայ լա­րուա­ծու­թիւ­նը։ Ար­դա­րեւ, Թուր­քիա հա­մո­զուած է, թէ ՓԵՏ եւ ԵՓԿ կը հան­դի­սա­նան ան­ջա­տո­ղա­կան ա­հա­բեկ­չա­կան ՓՔՔ կազ­մա­կեր­պու­թեան Սու­րիոյ թե­ւը։

Այս բո­լո­րէն վերջ, Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան ե­րէկ հան­դէս ե­կաւ ԱՄՆ-ի ուղ­ղեալ շատ խիստ ազ­դա­րա­րու­թիւն­նե­րով։ «Ո՜վ Ա­մե­րի­կա, դուն ի վի­ճա­կի չես մե­զի ծա­նօ­թաց­նե­լու ո՛չ ՓՔՔ-ն, ո՛չ ՓԵՏ-ն եւ ոչ ալ ԵՓԿ-ն։ Մենք շատ լաւ գի­տենք այդ բո­լո­րը։ Սա­կայն դուք ա­նոնց­մէ ո­րե­ւէ մէ­կը չէք ճանչ­նար եւ այս պատ­ճա­ռով տա­րած­քաշր­ջա­նը դար­ձած է ա­րեան լիճ։ Սա ինչ­պէ՞ս գոր­ծըն­կե­րու­թիւն մըն է։ Հա­կա­ռակ ա­նոր, որ քա­նիցս ը­սած ենք, մեր դէմ կը լռեն ու մեր բա­ցա­կա­յու­թեան կ՚ը­սեն, թէ այդ­պէս չեն տես­ներ», ը­սաւ Էր­տո­ղան եւ ա­ւել­ցուց, թէ եւ­րո­պա­կան եր­կիր­ներն ալ մի­ջոց­ներ յատ­կա­ցու­ցած են ՓՔՔ­-ի նման ա­հա­բեկ­չա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րուն։ Իր խօս­քե­րով, դաշ­նա­կից­նե­րուն մի­ջեւ տեղ չու­նի մա­կե­րե­սայ­նու­թիւ­նը։ Սա է Սու­րիոյ մէջ ապ­րուա­ծը։ Էր­տո­ղան դար­ձեալ բուռն ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րով քննա­դա­տեց նաեւ ՄԱԿ-ի կող­մէ որ­դեգ­րուած դիր­քո­րո­շու­մը։ Իր կար­գին, Վար­չա­պետ Ահ­մէտ Տա­վու­տօղ­լուն ալ ե­րէկ քննա­դա­տեց ՓԵՏ-ի վե­րա­բե­րեալ ա­մե­րի­կեան կող­մին դիր­քո­րո­շու­մը։ Ան ա­ւել­ցուց, թէ Թուր­քիա կը սպա­սէ ԱՄՆ-ի դիր­քո­րոշ­ման յստա­կեց­ման։ Ըստ ի­րեն, ե­թէ ոե­ւէ մէ­կը կ՚ը­սէ, թէ ՓԵՏ եւ ԵՓԿ ա­հա­բեկ­չա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն չէ, ա­պա ան­տե­ղեակ կը հա­մա­րուի Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քի ի­րա­կա­նու­թե­նէն։ Վար­չա­պե­տին խօս­քե­րով, հա­կա­ռակ յա­տուկ ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րու կող­մէ փո­խան­ցուած տուեալ­նե­րուն՝ ե­թէ կը պնդուի, թէ ՓՔՔ-ն ա­հա­բեկ­չա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն մըն է, իսկ ԵՓԿ-ն ոչ, ա­պա այս կէ­տին վրայ Թուր­քիա կը սկսի հար­ցաքն­նել ան­կեղ­ծու­թիւ­նը։

Բաց աս­տի, Տա­վու­տօղ­լու շեշ­տեց, որ Թուր­քիա այն ինչ որ կ՚ը­նէ Քան­տի­լի պա­րա­գա­յին, նոյ­նը կրնայ ը­նել նաեւ Սու­րիոյ մէջ։ Այն նա­խազ­գու­շա­կան մի­ջոց­նե­րը, ո­րոնք կ՚առ­նուին Քան­տի­լի դէմ, կրնան Սու­րիոյ տա­րած­քէն ներս ալ առ­նուիլ։ «Թուր­քիոյ դէմ ուղ­ղեալ ո­րե­ւէ սպառ­նա­լի­քի պա­րա­գա­յին Սու­րիոյ ա­հա­բեկ­չա­կան լծակ­նե­րուն դէմ ձեռք կ՚առ­նենք այն նոյն նա­խազ­գու­շա­կան մի­ջոց­նե­րը, ո­րոնք կը կի­րար­կուին Քան­տի­լի պա­րա­գա­յին։ Թուր­քիոյ դէմ գոր­ծուած յար­ձա­կում­նե­րուն հե­տե­ւան­քով «Ի­րաք-Շա­մի իս­լա­մա­կան պե­տու­թիւն» ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւոր­ման դէմ ռմբա­կո­ծում­ներ կա­տա­րե­ցինք հա­մա­խո­հու­թեան ռազ­մաօ­դա­նա­ւե­րուն հետ։ Թուր­քիոյ սահ­ման­նե­րուն եր­կայն­քով ա­նոնց դիր­քե­րը ռմբա­կո­ծե­ցինք թնդա­նօթ­նե­րով։ Նոյն վե­րա­բեր­մուն­քը ցոյց կու տանք այն բո­լոր ա­հա­բեկ­չա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րուն դէմ, ո­րոնք վնաս կը հասց­նեն Թուր­քիոյ», ը­սաւ վար­չա­պե­տը։  

Հինգշաբթի, Փետրուար 11, 2016