Յ. ՏԵՄԻՐՃԻԻՆ ՏԽՈՒՐ ՀՐԱԺԵՇՏ

Ֆէ­րի­գիւ­ղի Ս. Վար­դա­նանց ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ ե­րէկ կէ­սօ­րուան ժա­մե­րուն տե­ղի ու­նե­ցաւ մեր հա­մայն­քի ե­րէց սե­րուն­դի նո­րոգ հան­գու­ցեալ ան­դամ­նե­րէն Յա­կոբ Տե­միր­ճիի յու­ղար­կա­ւո­րու­թեան տխուր ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը։ Ծա­նօթ է, որ Յա­կոբ Տե­միր­ճի ան­ցեալ շա­բա­թա­վեր­ջին Էլ­մա­տա­ղի իր բնա­կա­րա­նին մէջ սահմռ­կե­ցու­ցիչ կո­ղո­պու­տի մը հե­տե­ւան­քով սպան­նուած էր ոճ­րա­գործ­նե­րու կող­մէ։ Նոյն դէպ­քին ժա­մա­նակ վի­րա­ւո­րուած էր իր 79-ա­մեայ կո­ղա­կի­ցը՝ Սե­դա Այ­տա Տե­միր­ճի։ Ե­րէկ յու­ղար­կա­ւոր­նե­րու հոծ բազ­մու­թիւն մը ցաւ ի սիրտ հա­մախմ­բուած էր Ֆէ­րի­գիւ­ղի ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ՝ վեր­ջին հրա­ժեշ­տը տա­լու հա­մար հան­գու­ցեալ Յա­կոբ Տե­միր­ճիի, որ այն­քան մեծ յար­գանք ու հա­մակ­րանք կը վա­յե­լէր իր ըն­կե­րա­յին շրջա­նա­կէն ներս։ 85-ա­մեայ Յա­կոբ Տե­միր­ճի, որ ար­ժէ­քա­ւոր ոս­կե­րիչ-ար­հես­տա­ւոր մըն էր, դժբախտա­բար աչ­քե­րը կեան­քին փա­կեց՝ ար­հես­տա­կան պատ­ճա­ռով մը, տմար­դի յար­ձա­կու­մի մը հե­տե­ւան­քով. դառն ճա­կա­տա­գիր մը, ո­րուն հետ հաշտուի­լը ան­շուշտ ան­կա­րե­լի է իր այ­րիին եւ սի­րե­լի­նե­րուն տե­սան­կիւ­նէն։ Ե­րէ­կուան յու­ղար­կաւո­րու­թեան յու­զում­նա­խառն ա­րա­րո­ղու­թեան ըն­թաց­քին բո­լո­րը եր­կիւ­ղա­ծու­թեամբ ի­րենց խո­նար­հու­մը բե­րին նո­րոգ հան­գու­ցեալ Յա­կոբ Տե­միր­ճիի բա­րո­յա­կան ներ­կա­յու­թեան առ­ջեւ։ Ան ու­նե­ցաւ այն­պի­սի վախ­ճան մը, որ իս­կա­պէս ցնցում եւ հա­մա­տա­րած տխրու­թիւն պատ­ճա­ռեց մեր հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­նե­րուն։ Այդ յու­զու­մով ա­ղօթք բարձ­րա­ցուե­ցաւ առ Աս­տուած իր հոգ­ւոյն խա­ղա­ղու­թեան եւ յա­ւի­տե­նա­կան նին­ջի հանգս­տու­թեան հա­մար։ Յու­ղար­կա­ւո­րու­թեան ա­ւար­տին բո­լո­րը ան­կեղ­ծօ­րէն ցա­ւակ­ցե­ցան իր այ­րիին, ո­րուն նկատ­մամբ ար­տա­յայ­տե­ցին ի­րենց բա­րո­յա­կան զօ­րակ­ցու­թիւ­նը։ Յու­ղար­կա­ւոր­նե­րը միեւ­նոյն ժա­մա­նակ բե­րին ի­րենց ան­կեղծ վկա­յու­թիւ­նը, թէ լու­սա­հո­գի Յա­կոբ Տե­միր­ճիի բա­րի յի­շա­տա­կը միշտ վառ պի­տի մնայ բո­լո­րի յի­շո­ղու­թեան մէջ։

Միւս կող­մէ, Տե­միր­ճի ա­մո­լի բնա­կա­րա­նին վրայ գոր­ծուած յար­ձակ­ման եւ կա­տա­րուած կո­ղո­պու­տին ար­ձա­գանգ­նե­րը կը շա­րու­նա­կուին նաեւ զան­գուա­ծա­յին լրա­տուու­թեան մի­ջոց­նե­րու մօտ։ Հա­յաս­տա­նեան աղ­բիւր­ներն ալ լայ­նօ­րէն կ՚ար­ձա­գան­գեն, թէ ութ հո­գիէ բաղ­կա­ցեալ յան­ցա­գործ­նե­րու խում­բին մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը Հա­յաս­տա­նի քա­ղա­քա­ցի­ներ կը հան­դի­սա­նան։ Ա­նոնք ներ­կա­յիս ձեր­բա­կա­լուած են ոս­տի­կա­նու­թեան կող­մէ։ Շրջա­նա­ռու­թեան մէջ են նաեւ լու­րեր, ըստ ո­րոնց, այս դէպ­քի ե­տե­ւը կանգ­նած է Տե­միր­ճի­նե­րու բնա­կա­րա­նի օգ­նա­կա­նը։ Ան Հա­յաս­տա­նի իր ազ­գա­կան­նե­րուն հետ կապ հաս­տա­տե­լով տե­ղե­կա­ցու­ցած է, թէ Տե­միր­ճի ա­մո­լը բա­ւա­կան հա­րուստ է։ Ուս­տի, զա­նոնք կան­չած է Իս­թան­պուլ։ Յան­ցա­գործ խումբն ալ բնա­կա­րա­նի դու­ռը բա­նա­լով ներ­խու­ժած է այն­տեղ եւ ի­րա­կա­նա­ցու­ցած՝ այս տմար­դի ա­րար­քը։ Թրապ­զո­նի մէջ ձեր­բա­կա­լուած կաս­կա­ծեալ­նե­րը ե­րէկ ոս­տի­կա­նու­թեան կող­մէ բե­րուե­ցան Իս­թան­պուլ։ Ա­նոնց մօտ յայտ­նա­բե­րուած է ժա­մա­ցոյց մը եւ 20 հա­զար տո­լար գու­մար։

Ի­րա­ւա­սու­նե­րը տե­ղե­կա­ցու­ցին, թէ դա­տա­խա­զու­թիւ­նը բազ­մա­կող­մա­նի հե­տաքն­նու­թեան մը ձեռ­նար­կած է այս նիւ­թին շուրջ։ Ձեր­բա­կա­լեալ­նե­րը վա­ղը պի­տի ներ­կա­յա­նան ար­դա­րա­դա­տա­կան պատ­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն։

Հինգշաբթի, Փետրուար 11, 2016