ՆԱԽԱՐԱՐ ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ ԳԵՐՄԱՆԻԱ

Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան վա­ղը եր­կօ­րեայ այ­ցե­լու­թիւն մը պի­տի տայ Գեր­մա­նիա։ Ե­րե­ւա­նի պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, Նալ­պան­տեան պի­տի մաս­նակ­ցի Միւ­նի­խի Մի­ջազ­գա­յին անվ­տան­գու­թեան հա­մա­ժո­ղո­վին, ո­րու շրջագ­ծով պի­տի քննար­կուին մի­ջազ­գա­յին օ­րա­կար­գի հրատապ հար­ցե­րը։

Միւ­նի­խի մէջ նա­խա­տե­սուած են նաեւ Ե­դուարդ Նալ­պան­տեա­նի երկ­կող­մա­նի հան­դի­պում­նե­րը՝ շարք մը եր­կիր­նե­րէ իր պաշ­տօ­նա­կից­նե­րուն հետ։ Բաց աս­տի, ան պի­տի տե­սակ­ցի ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րուն հետ՝ քննար­կե­լով Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան խա­ղաղ կար­գա­ւոր­ման ուղ­ղեալ բա­նակ­ցա­յին գոր­ծըն­թա­ցի ներ­կայ փու­լին եւ հե­ռան­կար­նե­րուն վե­րա­բե­րեալ հար­ցեր։ 

Հինգշաբթի, Փետրուար 11, 2016