ԱՆԳԱՐԱՅԷՆ ՎԱՒԵՐԱՑՈՒՄ

Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան վա­ւե­րա­ցուց Թուր­քիոյ եւ Ատր­պէյ­ճա­նի կա­ռա­վա­րու­թիւն­նե­րուն մի­ջեւ ստո­րագ­րուած՝ թեք­նիկ ո­լոր­տէ ներս հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան վե­րա­բե­րեալ ար­ձա­նագ­րու­թիւ­նը։ Այս փաս­տա­թուղ­թը ստո­րագ­րուած էր ան­ցեալ տա­րուան Մար­տին։ Հա­յաս­տա­նեան լրա­տուա­մի­ջոց­ներն ալ ար­ձա­գանգ կը հան­դի­սա­նան այս ի­րա­դար­ձու­թեան։ Թուր­քիա այս­պէ­սով կը ստանձ­նէ թրքա­խօս եր­կիր­նե­րու հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան եւ հա­մա­կարգ­ման ուղ­ղեալ գոր­ծա­կա­լու­թեան Պա­քուի գրա­սե­նեա­կի ծրագ­րե­րուն հո­վա­նա­ւո­րու­թիւ­նը։ Բաց աս­տի, կը նա­խա­տե­սուի զա­նա­զան ծրագ­րե­րու ի­րա­կա­նաց­ման հա­մար նոր անձ­նա­կազ­մե­րու պատ­րաս­տու­թեան նպա­տա­կով մաս­նա­գէտ­ներ ու­ղար­կել Ատր­պէյ­ճան։

Սոյն գոր­ծա­կա­լու­թիւ­նը Ատր­պէյ­ճա­նի Տնտե­սու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան հետ պի­տի զբա­ղի կրթա­կան, թեք­նիկ, ա­ռող­ջա­պա­հա­կան, զբօ­սաշր­ջա­յին նա­խագ­ծե­րու ի­րա­կա­նաց­մամբ։

Շաբաթ, Փետրուար 11, 2017