Ի­զա­պէլ Մա­նու­կեա­նի
­ Ցու­ցա­հան­դէ­սը

Փա­րի­զի 5-րդ թա­ղա­մա­սի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նի «Ռը­նէ Քա­փի­թան» սրա­հին մէջ, 24 Յու­նուար-4 Փետ­րուար թուա­կան­նե­րուն մի­ջեւ, տե­ղի ու­նե­ցաւ գե­ղան­կա­րիչ Ի­զա­պէլ Մա­նու­կեա­նի «Լը փար­քէ տը Լուվր» թե­մա­յով ցու­ցա­հան­դէ­սը: Ցու­ցադրուած պաս­տառ­նե­րուն մէջ ար­ծար­ծուած է կրօ­նա­կան թե­ման՝ զանց առ­նե­լով տա­րա­ծու­թիւն­նե­րու եւ ժա­մա­նա­կի ըն­դու­նուած չա­փա­նիշ­նե­րը:

Ի­զա­պէլ Մա­նու­կեան իր գե­ղան­կար­չու­թեան մէջ ստեղ­ծած է ա­րուես­տի պատ­մու­թեան իր սե­փա­կան կրօ­նա­կան դի­ցա­բա­նու­թիւ­նը՝ ա­ռա­ջադ­րե­լով ա­ռօ­րեա­յի կեր­պար­նե­րը:

24 Յու­նուա­րին տե­ղի ու­նե­ցած բաց­ման հան­դի­սու­թեան քա­ղա­քա­պետ Ֆլո­րանս Պեր­թու խօսք առ­նե­լով՝ ը­սաւ, որ ինք ա­ռիթ ու­նե­ցած է այ­ցե­լե­լու Մա­նու­կեա­նի այլ վայ­րե­րու մէջ կազ­մա­կեր­պուած ցու­ցա­հան­դէս­նե­րը եւ հաս­տա­տեց, որ բարդ ու եր­կա­րա­տեւ աշ­խա­տան­քի ար­դիւնք են ա­նոր գե­ղե­ցիկ ու ինք­նա­տիպ գոր­ծե­րը:

Ի­զա­պէլ Մա­նու­կեան իր կար­գին խօսք առ­նե­լով՝ բա­ցատ­րեց, որ սոյն ցու­ցա­հան­դէ­սը ի­րա­կա­նաց­նե­լու գա­ղա­փա­րը յղա­ցած է, երբ դի­տած է շարք մը նկար­ներ, ուր ի­րենց դպրո­ցի տնօ­րէ­նին ա­ռաջ­նոր­դու­թեամբ խումբ մը ե­րա­խա­ներ Լուվր այ­ցե­լու­թեան ժա­մա­նակ թան­գա­րա­նի տախ­տա­կա­մա­ծին վրայ ծնրա­դիր կայս­րու­հի Ժո­զէ­ֆի­նին թա­գադ­րու­թիւ­նը կը ձե­ւաց­նէին՝ Դա­ւի­թի հսկայ պաս­տա­ռին առ­ջեւ: Այս պատ­կեր­նե­րը իր մէջ արթն­ցու­ցած են զօ­րա­ւոր զգա­ցում­ներ: Շար­ժած է իր գե­ղա­գի­տա­կան հե­տաքրք­րու­թիւ­նը՝ նկա­տե­լով, որ այդ փոք­րիկ­նե­րը ֆի­զի­քա­պէս եւ ան­գի­տակ­ցա­բար իւ­րա­ցու­ցած ու սե­փա­կա­նա­ցու­ցած էին աշ­խար­հի ա­մե­նէն նշա­նա­ւոր թան­գա­րա­նը, հե­տե­ւա­բար ո­րո­շած է ա­նոնց նմա­նիլ  եւ սկսած է նկա­րե­լու:

Շաբաթ, Փետրուար 11, 2017