ՆՈՐ ԼԻՑՔՈՎ Ի ԳՈՐԾ

Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) 90-րդ ընդհանուր ժողովը շաբաթավերջին եզրափակուեցաւ Փարիզի մէջ։ Սա միութեան գործունէութեան մէջ կը բնորոշէ նոր փուլ մը, որու աւարտին ՀԲԸՄ-ի մեծ ընտանիքը նոր լիցքով ի գործ կը դրուի։ Ընդհանուր ժողովը տեղի ունեցաւ «Les Jardins de Saint Dominique»ի յարկէն ներս։ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան եւս ներկայ գտնուեցաւ համագումարին, որու առթիւ պատգամներ ուղարկուած էին Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ։ Այդ պատգամներու ընթերցման առընթեր ՀԲԸՄ-ի համագումարի մասնակիցները վերահասու դարձան Կեդրոնական վարչութեան ընդհանուր գործունէութեան եւ ելմտական գործառոյթներու վերաբերեալ տեղեկագիրներուն, որոնք վաւերացուեցան միաձայնութեամբ։ Եռօրեայ ծրագրի առանցքային փուլն էր այս մէկը, քանի որ արդէն ՀԲԸՄ-ի բո՛ւն ընդհանուր ժողովն էր։

Նոյն օրը երեկոյեան «Pavillon Ledoyen»ի երդիքին տակ կազմակերպուած կալա-ընթրիքը եկաւ ազդարարել ՀԲԸՄ-ի 90-րդ ընդհանուր ժողովի եզրափակումը։ Հանդիսաւոր այս երեկոյթի ընթացքին ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան կողմէ մեծարուեցան Տեմիրճեան եւ Մանուկեան բարերար ամոլները։ Սարգիս Տեմիրճեան եւ իր կողակիցը թէ՛ Լիբանանի եւ թէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ կառուցած են հայկական դպրոցներ, որոնք կարեւոր կրթօճախներ կը համարուին հայ իրականութենէն ներս։ Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան ամոլն ալ նոյնպէս բարձր գնահատանքի առարկայ դարձաւ ՀԲԸՄ-ի ընտանիքի ներկայացուցիչներուն կողմէ։ Պատրաստուած տեսաերիզով մը ներկաները վերյիշեցին Վաչէ եւ Թամար Մանուկեաններուն կողմէ հայ իրականութենէն ներս կեանքի կոչուած հսկայական ծրագրերը՝ սկսելով Լոս Անճելըսի համանուն դպրոցէն, մինչեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հոյակերտ մատենադարանը։ Բայց եւ այնպէս, Վաչէ եւ Թամար Մանուկեաններու բարեգործութիւնները եւ ընկերային յանձնառութիւնները սահմանափակ չեն մնար հայաշխարհով, այլ ընդհանրապէս անոնք միջազգային մակարդակի վրայ ալ կը զօրակցին բազմաթիւ բարենպատակ ծրագիրներու։ Այս առումով պատրաստուած տեսանիւթին մէջ Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան ամոլի մասին գնահատանքով արտայայտուեցան երգիչ Էլթըն Ճոն եւ Անգլիոյ Չարլզ արքայազնը։

Շաբաթ գիշերուան ուշ ժամերուն ներկաները արձակուեցան՝ իրարու հրաժեշտ տալով եւ փոխանակելով յաջողութեան մաղթանքներ։

Երէկ առաւօտ ալ համագումարի մասնակիցները այցելեցին Փարիզի Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ Մայր տաճար, ուր մասնակցութիւն բերին կիրակնօրեայ Ս. Պատարագին։

Երկուշաբթի, Փետրուար 11, 2019