ՆԱԽԱՐԱՐ ՎԱՂԱՐՇԱԿ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ ՏԵՍԱԿՑԵՑԱՒ ՌՈՒՍ ԽԱՂԱՂԱՊԱՀ ԶՕՐԱԽՈՒՄԲԻ ՀՐԱՄԱՆԱՏԱՐԻՆ ՀԵՏ

Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Վաղարշակ Յարութիւնեան երէկ ընդունեց Լեռնային Ղարաբաղի ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի հրամանատար զօրավար Ռուստամ Մուրատովը։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Վաղարշակ Յարութիւնեան շնորհակալութիւն յայտնեց գերիներու փոխանակման գործընթացէն ներս Ռուստամ Մուրատովի ստանձնած աշխոյժ դերակատարութեան համար։ Նոյնը ան ընդգծեց կորսուածներու որոնման աշխատանքներուն ցուցաբերուած աջակցութեան կապակցութեամբ։ Նախարարը բարձր գնահատեց ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի գործունէութեան արդիւնաւէտութիւնը։

Զրոյցի տեւողութեան անդրադարձ կատարուեցաւ գործակցութեան շարք մը խնդիրներու եւ այդ առընչութեամբ ռուս հրամանատարին ներկայացուեցան զանազան դիտարկումներ։ Վաղարշակ Յարութիւնեան ընդգծեց գոյացած համաձայնութիւններու պահպանման համար ձեռնարկուած քայլերու շարունակականութեան անհրաժեշտութիւնը։

Վաղարշակ Յարութիւնեան զօրավար Մուրատովի հետ ունեցած հանդիպման եւ ընդհանրապէս Ատրպէյճանի հետ սահմանին վրայ ստեղծուած իրավիճակին երէկ անդրադարձաւ նաեւ Հայաստանի խորհրդարանէն ներս ունեցած ելոյթին ժամանակ։

Լեռնային Ղարաբաղի լայնածաւալ պատերազմին յաջորդած ներկայ իրավիճակին մէջ դաշտի վրայ վերահսկողութիւնը կը պահեն ռուս խաղաղապահները, մինչ Մոսկուա դիւանագիտական հարթութեան վրայ ալ կը մնայ առանցքային դերակատար։ Երէկ, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Անտրէյ Ռուտենքօ յայտարարեց, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու գործունէութիւնը պէտք է շարունակուի։ Ռուս դիւանագէտը «ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ» ին տուած հարցազրոյցին մէջ ըսաւ հետեւեալը. «Համանախագահները կարեւոր ներդրում ունեցած են Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման հիմնարար սկզբունքներու մշակման ուղղութեամբ։ Այդ սկզբունքներէն շատերը՝ ներառեալ Լեռնային Ղարաբաղի յարակից շրջաններու Ատրպէյճանին վերադարձուիլը, փախստականներու վերադարձը, Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի միջեւ միջանցքի պահպանումը, խաղաղապահ գործողութեան իրականացումը, տնտեսական եւ հաղորդակցութեան ուղիներու ապաշրջափակումը տեղ գտած են 2020 թուականի նոյեմբերի 9-ի յայտարարութեան մէջ»։

Միւս կողմէ, վերջին օրերուն Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը քննարկման առարկայ դարձաւ նաեւ Անգարա-Փարիզ առանցքին վրայ։ Այսպէս, թուրք եւ ֆրանսացի բարձրաստիճան պաշտօնատարներ քննարկեցին Արցախի այժմու իրավիճակը։ Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի բանբերը՝ Իպրահիմ Քալըն եւ Էլիզէի պալատի արտաքին յարաբերութիւններու գծով աւագ խորհրդական Էմմանիւէլ Պոնէ ունեցան հեռախօսազրոյց մը, որու ընթացքին օրակարգի վրայ եկաւ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը։ Երկու բարձրաստիճան պաշտօնատարները ընդգծեցին, որ Թուրքիա եւ Ֆրանսա կողմնակից են փոխադարձ յարգանքի եւ վստահութեան հիման վրայ վերականգնել երկկողմանի յարաբերութիւնները։ Արցախի հիմնախնդրին առընթեր, անոնք ընդհանրապէս շօշափեցին տարածքաշրջանային հարցեր։

Մինչ Հարաւային Կովկասէ ներս ընդհանրապէս տարածքաշրջանային նոր իրադրութիւն մը ստեղծուած է, Աբխազիան ալ Ռուսաստանին դիմում ներկայացուց՝ առաջարկելով, որ Հայաստանի հետ կապը ապահովէ իր տարածքով։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, Աբխազիոյ խորհրդարանը դիմեց Ռուսաստանի Պետական տումային այս կապակցութեամբ։ Ծանօթ է, որ այս ինքնահռչակ հանրապետութիւնը միայն Ռուսաստանի կողմէ կը ճանչցուի։ Աբխազիա առաջարկեց իր տարածքով անցնող երկաթուղիի վերագործարկումը եւ անոր միջոցաւ Ռուսաստան-Հայաստան ուղիղ կապի ապահովումը։

«Մենք կը հետեւինք Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ իրադարձութիւններուն եւ փոխադրական ուղիներու ապաշրջափակման։ Աբխազիան եւս պէտք է ապաշրջափակուի։ Կը յուսանք, թէ մենք կը յաջողինք Աբխազիոյ իրաւահաւասար մասնակցութիւնը ապահովել այս նախագծին», յայտնեց Աբխազիոյ խորհրդարանի միջազգային յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Ասթամուր Լոկուա։

Հինգշաբթի, Փետրուար 11, 2021