ՎԱՒԵՐԱՑՄԱՆ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑԸ ԱՒԱՐՏԱԾ

Եւրոմիութիւնը երէկ ծանուցեց, որ Հայաստանի հետ ստորագրուած Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագրի վաւերացման գործընթացը հասած է իր աւարտին։ Այսպէսով, Եւրոմիութիւն-Հայաստան Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրը ուժի մէջ պիտի մտնէ 1 մարտ 2021 թուականի դրութեամբ։ Վաւերացումը կատարուած է ԵՄ-ի եւ անոր անդամ երկիրներու կողմէ։ 24 նոյեմբեր 2017-ին, Պրիւքսելի մէջ տեղի ունեցած Արեւելեան գործընկերութեան գագաթաժողովի շրջանակներէն ներս ստորագրուած էր այդ համաձայնագիրը։ Սա գործընկերային նոր մակարդակի մը կը բարձրացնէ Հայաստանի եւ ԵՄ-ի յարաբերութիւնները, կը կանոնակարգէ անոնց երկխօսութիւնը քաղաքական ու տնտեսական բնագաւառներէ ներս, ինչպէս նաեւ ոլորտային համագործակցութիւնը եւ առեւտրային յարաբերութիւնները։

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնն ալ երէկ այս կապակցութեամբ հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը։ Այս առթիւ, ընդգծուեցաւ, որ այս փաստաթուղթը կուռ իրաւական հիմք մը կը ստեղծէ Հայաստան-ԵՄ գործընկերութեան համար՝ ուրուագծելով համագործակցութիւնը՝ ամենատարբեր ոլորտներու պարագային. օրինակ՝ արդարադատութիւն, անվտանգութիւն, տնտեսութիւն, գիւղատնտեսութիւն, ենթակառուցուածքներ, բնապահպանութիւն ու կլիմայ, կրթութիւն, գիտութիւն, մշակոյթ, առողջապահութիւն եւ այլն։

Երեւանի պաշտօնական յայտարարութեան մէջ մատնանշուած է, որ այս փաստաթուղթը կ՚անդրադառնայ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման հարցին՝ վերահաստատելով ԵՄ-ի յայտարարուած յանձնառութիւնը՝ աջակցելու ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու ջանքերուն ու մօտեցումներուն, որոնք ուղղուած են Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան հանգուցալուծման՝ մասնաւորապէս ժողովուրդներու իրաւահաւասարութեան եւ ազգերու ինքնորոշման իրաւունքի հիման վրայ։

«Համաձայնագրի արդիւնաւէտ կիրարկումը շօշափելի արդիւնքներ կ՚ապահովէ մեր քաղաքացիներուն՝ լայնածաւալ բարեփոխումներու միջոցաւ խթանելով ժողովրդավարութեան, քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային կայունութեան ամրապնդումը եւ ժամանակի ընթացքին իր ազդեցութիւնը կ՚ունենայ մեր քաղաքացիներու բարեկեցութեան եւ կենսակերպին վրայ», մատնանշուած է Երեւանի յայտարարութեան մէջ։

Հինգշաբթի, Փետրուար 11, 2021