«ՊԱՔՈՒ ԵՒՍ ԿԸ ՆԱԽԸՆՏՐԷ, ՈՐ ԱՆԳԱՐԱ ՈՒՂՂԱԿԻ ՇՓՄԱՆ ՄԷՋ ԸԼԼԱՅ ԵՐԵՒԱՆԻ ՀԵՏ»
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու յայտարարեց, որ Ատրպէյճանն ալ Հայաստանի հետ մշտական խաղաղութեան կը ձգտի ու կը նախընտրէ Հայաստանի հետ Թուրքիոյ ուղղակի շփման մէջ ըլլալը։
«TRT Haber»ին տուած հարցազրոյցին մէջ նախարարը կարեւոր խորհրդածութիւններով հանդէս եկաւ Թուրքիա-Հայաստան-Ատրպէյճան առանցքի իրադարձութիւններուն շուրջ։ Իր խօսքով՝ Պաքու կը խրախուսէ Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններու բնականոնացումը։
Անդրադառնալով Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի խորհրդարաններուն կողմէ Շուշիի հռչակագրի վաւերացման՝ Մեւլիւտ Չավուշօղլու ըսաւ. «Ատրպէյճանի հետ մէկ ազգ երկու պետութիւն ենք։ Սակայն, մեր ճակատագիրը մէկ է, մեր կրօնն ու լեզուն մէկ են։ Երբ որ տեղը գայ, մենք գիտենք նաեւ վարուիլ մէկ պետութեան նման։ Ղարաբաղի յաղթանակը այսպիսի հասկացութիւնով մը, այսպիսի զգացումով մը եւ այսպիսի վճռականութիւնով մը ապահովուեցաւ։ Ղարաբաղի յաղթանակէն վերջ Շուշիի հռչակագրով մեր յարաբերութիւնները շատ տարբեր հարթութեան մը վրայ եկան. լիարժէք դաշնակցութիւն մը։ Սա մեր ներքին զգացումներու շօշափելի ձեւն է։ Վերջին հաշուով Ատրպէյճանի հետ պիտի շարունակենք զիրար պաշտպանել։ Մեր երկկողմանի յարաբերութիւնները պիտի շարունակենք բոլոր ուղղութիւններով զարգացնել։ Ատրպէյճանն ալ մեր բացակայած բոլոր միջավայրերուն մէջ պաշտպանած է Թուրքիոյ իրաւունքները։ Այս քաղաքականութիւնը վաղուց գոյութիւն ունի եւ Շուշիի հռչակագիրը անոր թուղթի վրայ արձանագրումն է»։
Ապա Չավուշօղլու անդրադարձաւ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացին։ Իր խօսքով, Թուրքիա որեւէ քայլ չէր առներ առանց Ատրպէյճանի հետ խորհրդակցելու եւ ներկայիս Ատրպէյճանն ալ այդ գործընթացը կը խրախուսէ։ «Ատրպէյճանն ալ կը նախընտրէ, որ Հայաստանի հետ ուղղակի շփման մէջ ըլլանք։ Այժմ Հարաւային Կովկասի խնդիրը վերջացած է Ատրպէյճանի տարած Ղարաբաղի յաղթանակով։ Ասկէ վերջ պէտք է ըլլայ խաղաղութիւն եւ համագործակցութիւն։ Միասին պէտք է աշխատինք, որպէսզի տարածաշրջանէն ներս կարեւոր ծրագիրներ կեանքի կոչելով նպաստենք տնտեսական զարգացման։ Ասոր համար բոլոր երկիրները պէտք է համախոհութեան մէջ ըլլան։ Բոլորը պէտք է ընդգրկուին այս գործընթացին՝ ներառեալ Հայաստանը։ Ղարաբաղի յաղթանակէն վերջ ստեղծուած է հնարաւորութիւն մը, զոր պէտք է արժեւորել։ Այս յաղթանակէն անմիջապէս վերջ դրական պատգամներ տուինք։ Ընտրութիւնը շահելէ վերջ Փաշինեան կարեւոր պատգամներ տուաւ։ Մեր Հանրապետութեան նախագահն ալ դրական պատասխաններով փոխադարձեց։ Յատուկ ներկայացուցիչներ նշանակեցինք։ Մոսկուայի մէջ տեսակցեցան, հիմա ալ 24 փետրուարին Վիեննայի մէջ պիտի հանդիպին։ Ատրպէյճանն ալ Հայաստանի հետ մշտական խաղաղութեան մը կը ձգտի», նշեց Չավուշօղլու։