ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՎԱՐԿԱՆԻՇԱՅԻՆ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ

Երեւանի մէջ Նկարիչներու տան երդիքին տակ երէկ բացուեցաւ Վարկանիշային ցուցահանդէս մը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Հայաստանի Նկարիչներու միութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած այս ձեռնարկը կ՚ընդգրկէ՝ զանազան ոճերով ստեղծագործուած գեղարուեստական շուրջ 300 աշխատանք։ Ցուցահանդէսի բացման ելոյթով մը հանդէս եկաւ Հայաստանի Նկարիչներու միութեան նախագահ Սուրէն Սաֆարեան, որու խօսքով ցուցադրութեան մէջ ընդգրկուած են գործերը այն հեղինակներուն, որոնք միութեան անդամ չեն։ Կազմակերպիչ յանձնաժողովը շատ դժուար աշխատանք տարած է՝ ցուցադրութեան համար ներկայացուած 600 գործի շարքին 300-ը ընտրելու ժամանակ։ Վարկանիշային ցուցահանդէսը հնարաւորութիւն կու տայ, որպէսզի արուեստագէտները իրենց աշխատանքները աւելի լայն շրջանակներու ներկայացնեն։ 2019 թուականէն ի վեր Հայաստանի Նկարիչներու միութիւնը կեանքի կը կոչէ այս ծրագիրը, որ դարձած է աւանդական։

Ուրբաթ, Փետրուար 11, 2022