Չորեքշաբթի 13, Նոյեմբեր 2024
ԿՐԱԿԱՀԵՐԹ
Այս առաւօտեան կանուխ ժամերուն Ատրպէյճանի զօրքերը հերթական անգամ թիրախաւորեցին Արցախը։ Յետպատերազմեան իրավիճակի մէջ, հրադադարի պայմաններուն ներքեւ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու ստորաբաժանումները կրակահերթեր իրականացուցին Կարմիր Շուկայի եւ Թաղավարդի բնակելի տուներուն վրայ։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Արցախի Մարդու իրաւանց պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան տեղեկացուց, որ դէպքը պատահած է ժամը շուրջ՝ 05.50-ին։ Ան պատահածը որակած է խաղաղ բնակիչներու ահաբեկում։
Ուրբաթ, Փետրուար 11, 2022