ՅԱՌԱՋԽԱՂԱՑՈՒՄ ՉԿԱՅ

Ուքրայնայի տագնապին շուրջ միջազգային խտացեալ շփումները կը շարունակուին։ Այս շրջանին աշխարհի յառաջատար դերակատարներու ամենաբարձր մակարդակի ներկայացուցիչները իրերայաջորդ կը հիւրընկալուին Մոսկուայի մէջ։ Երէկ, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով ընդունեց Անգլիոյ Արտաքին գործոց նախարար Լիզ Թրասը։ Երկու նախարարները բանակցութիւններ վարեցին՝ Ուքրայնայի տագնապի յաղթահարման հեռանկարներուն եւ Եւրոպայի անվտանգութեան ամրապնդման օրակարգով։ Լաւրով երէկ անգլիացի պաշտօնակիցը հիւրընկալելու առընթեր հեռախօսազրոյց մըն ալ ունեցաւ Իտալիոյ Արտաքին գործոց նախարար Լուիճի Տիմարիոյի հետ։ Վերջին օրերուն Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւել Մաքրոն այցելած էր Մոսկուա։ Անգլիացի նախարարի երէկուան շփումներէն վերջ, յառաջիկայ շաբթուան մէջ ալ նախատեսուած են Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլցի շփումները մայրաքաղաքէն ներս։ Մինչ այդ, Անգլիոյ վարչապետ Պորիս Ճանսընն ալ երէկ Պրիւսքելի մէջ տեսակցեցաւ ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղար Եէնս Սթոլթենպերկի հետ։ Դաշինքի կեդրոնակայանէն ներս անոնք սարքեցին նաեւ համատեղ մամլոյ ասուլիս մը։ Բաց աստի, Ճանսըն այցելեց նաեւ Վարշաւիա, ուր տեսակցեցաւ Լեհաստանի վարչապետ Մաթէուշ Մորավիէցքի հետ։ Անոնք Ուքրայնայի տագնապին շուրջ կարեւորեցին Մոսկուայի հետ երկխօսութիւնը։

Միւս կողմէ, Պերլինի մէջ տեղի ունեցան Ֆրանսայի, Գերմանիոյ, Ռուսաստանի եւ Ուքրայնայի ղեկավարներու խորհրդականներուն բանակցութիւնները, որոնք մօտաւորապէս տասն ժամ տեւեցին։ Այս ձեւաչափով առաջին հանդիպումը անցեալ յունուարի 26-ին տեղի ունեցած էր Փարիզի մէջ։ Երէկ Պերլինի մէջ տեղի ունեցած բանակցութիւններու աւարտին հաղորդուեցաւ, որ յաջորդ տեսակցութիւնը ծրագրուած է մարտին։

Միջազգային աղբիւրները տեղեկացուցին, որ երէկուան բանակցութիւններուն ժամանակ կարելի չէ եղած զարգացում մը արձանագրել Ուքրայնայի ճգնաժամի յաղթահարման ճանապարհին։ Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ կողմէ տեղեկացուեցաւ, որ տեղի ունեցած են բարդ քննարկումներ, որոնց ընթացքին բացայայտօրէն երեւան բերուած են տարբեր դիրքորոշումներն ու լուծման զանազան այլընտրանքները։ Ըստ նոյն աղբիւրներուն, մասնակից բոլոր կողմերը պատրաստակամութիւն յայտնած են Մինսքի համաձայնութեան նկատմամբ հաւատարմութիւն ցուցաբերելու եւ անոր գործադրութեան համար խտացեալ աշխատանքը շարունակելու ուղղութեամբ։ Ռուսաստանի ներկայացուցիչը յայտնած է, որ ժողովի ընթացքին տարակարծութիւններու յաղթահարումը հնարաւոր չէ եղած։ Մոսկուա եւ Քիեւ տարբեր ձեւով կը մեկնաբանեն այդ համաձայնութիւնը։ Ըստ ռուս ներկայացուցիչին, Փարիզ եւ Պերլին կը խրախուսեն խաղաղութեան ծրագիրը, սակայն, յաչս Քիեւի պնդող դիրքորոշման մը մէջ չեն։ Իր կարգին, Ուքրայնայի ներկայացուցիչն ալ յայտնեց, որ վիճելի նիւթերու շուրջ հնարաւոր չէ եղած զարգացում մը արձանագրել։ 

Ուրբաթ, Փետրուար 11, 2022