ՆԱԽԱԳԱՀԸ ԴԱՐՄԱՆՈՒԱԾ
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան, որ վարակուած էր քորոնաժահրով, արդէն բուժուած է։ Ընկերային ցանցերուն վրայ ան տեղեկացուց, որ վերջին երկու օրերու նմուշառման արդիւնքները ցոյց տուած են, որ ինք դարմանուած է։ Քննութիւններու ժխտական արդիւնքին զուգահեռ նախագահ Էրտողան այսօր աշխատանքի կը վերաձեռնարկէ սովորական ձեւով։ Յառաջիկայ շաբթուան սկիզբին նախատեսուած է իր այցելութիւնը դէպի Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ եւ ծրագրի որեւէ փոփոխութիւն խնդրոյ առարկայ պիտի չըլլայ։
Ընկերային ցանցերու վրայ գրառումով մը հանդէս գալով՝ Էրտողան բուժուած ըլլալուն համար փառք տուաւ Աստուծոյ եւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք հիւանդութեան շրջանին իրեն մաղթեցին արագ ապաքինում եւ ցուցաբերեցին բարոյական զօրակցութիւն։
Միւս կողմէ, նախագահ Էրտողանի հետ վարակուած Առաջին տիկին Էմինէ Էրտողանի բուժման գործընթացը տակաւին չէ աւարտած։