RFI-Ի ԱՐՁԱԳԱՆԳՆԵՐԸ

Հայ մամլոյ նահապետ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի անդունդի եզրին հասած ըլլալու վերաբերեալ հնչած ահազանգը արձագանգ ստեղծած է նաեւ միջազգային մետիայի մօտ։ Այսպէս, Ֆրանսայի միջազգային ձայնասփիւռը (RFI) վերջերս տեղ տուաւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի մղած գոյատեւման պայքարին։ Ռատիօկայանը «պատմական օրաթերթ» որակեց ԺԱՄԱՆԱԿ-ը՝ շեշտելով, որ ան փակման վտանգի ենթարկուած է։

RFI-ի Իսթանպուլի աշխատակից Անն Անտլոէր այս կապակցութեամբ հարցազրոյց մը ըրած է թերթիս գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեանի հետ։ Այդ տեսակցութիւնը զուգադիպած է ճիշդ այն օրերուն, երբ Իսթանպուլ-Երեւան ուղիղ թռիչքները կը վերսկսէին։ Ռատիօկայանի եթերին վրայ շեշտուած է, որ ուղիղ թռիչքներու վերսկսումը թէեւ դրական իրադարձութիւն մըն է թրքահայ համայնքին տեսակէտէ, սակայն, անոր պատմական օրաթերթը ներկայիս դէմ յանդիման կը գտնուի փակման վտանգի։ Հաղորդման մէջ մանրամասնութիւններ մատնանշուեցան ԺԱՄԱՆԱԿ-ի պատմութեան առանձնայատկութիւններուն շուրջ։ Մասնաւորապէս ընդգծուեցաւ, որ ան Թուրքիոյ ամենահին օրաթերթն է, որ կը հրատարակուի անընդհատ։ Շեշտուեցաւ նաեւ, որ ԺԱՄԱՆԱԿ-ը կը հանդիսանայ ամբողջ աշխարհի անընդհատ հրատարակուող ամենահին հայկական օրաթերթը։ Ընդգծուեցաւ, որ թերթի հրատարակութեան լեզուն արեւմտահայերէնն է։ Նոյն ամբողջին մէջ դիտել տրուեցաւ, որ «ԺԱՄԱՆԱԿ-ը վկան ու վերապրողն է 1915-ի Հայոց ցեղասպանութեան»։

Ռատիօկայանի թղթակիցը մանրամասնութիւններ մատուցած է ունկնդիրներուն ԺԱՄԱՆԱԿ-ի բովանդակութեան շուրջ։ Այսպէս, թերթը կը լուսաբանէ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի իրադարձութիւնները, անոնց յարաբերութիւններով հանդերձ։ Թերթի բովանդակութեան մէջ կը ցոլանայ նաեւ թրքահայ համայնքային կեանքը։ Նշուած է, որ Իսթանպուլի հայաշատ թաղերու կրպակներուն մէջ կը վաճառուի ԺԱՄԱՆԱԿ-ը, նաեւ թերթը ունի բաժանորդներ։

RFI-ի սփռումներուն մէջ շեշտուած է նաեւ, որ թերթի մուտքերը բացառապէս կը գոյանան համայնքէն, որու վերջին շրջանին դիմագրաւած դժուարութիւնները ժխտական ազդեցութիւն կը գործեն ԺԱՄԱՆԱԿ-ի վրայ։ Բաց աստի, թրքահայ համայնքէն ներս գոյութիւն ունին պառակտումներ, որոնք ծնունդ կու տան վէճերու եւ այդ ամբողջին մէջ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը կը թիրախաւորուի։

Հաղորդման եզրափակիչ բաժնին մէջ մասնաւոր ուշադրութեան առարկայ դարձուած է, թէ ի՞նչ կրնայ նշանակել այսպիսի թերթի մը կորուստը։ Յիշեցուած է, որ աշխարհի արեւմտահայերէնով օրաթերթերը, որոնց շարքին է ԺԱՄԱՆԱԿ-ը, կարելի է հաշուել մատի վրայ։ Ընդգծուած է, որ այս օրաթերթը թրքահայութեան տեսակէտէ արհեստավարժ սկզբնաղբիւր է եւ անոր ժառանգութեան առումով հիմնական յղման կէտերէն մին։ ԺԱՄԱՆԱԿ-ը կը համարուի թրքահայութեան կենսունակութեան վկայութիւնը։ Այս բոլորին առընթեր, տեղ տրուած է նաեւ Արա Գօչունեանի այն համոզումին, թէ թերթին անհետանալը անբաղձալի կը համարուի Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու այժմու նոր միջավայրին մէջ։  

Ուրբաթ, Փետրուար 11, 2022