ԵԴՈՒԱՐԴ ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ ԱՅՍՕՐ ՎԻԵՆՆԱՅԻ ՄԷՋ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ԵԱՀԿ-Ի ՄՇՏԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՅԱՏՈՒԿ ՆԻՍՏԻՆ

Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան ե­րէկ շփում­ներ ու­նե­ցաւ Լիուպ­լիա­նա­յի մէջ։ Սլո­վե­նիոյ ղե­կա­վա­րու­թեան կող­մէ ա­մե­նա­բարձր մա­կար­դա­կի վրայ հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան, որ քննար­կեց բազ­մաբ­նոյթ հար­ցեր։

Պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, Սլո­վե­նիոյ Նա­խա­գահ Պո­րութ Փա­հոր ող­ջու­նեց Նալ­պան­տեա­նը եւ ընդգ­ծեց, որ երկ­կող­մա­նի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը կը գտնուին բարձր մա­կար­դա­կի վրայ։ Ըստ ի­րեն, Սլո­վե­նիա մտա­դիր է շա­րու­նա­կել հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան բազ­մա­կող­մա­նի զար­գա­ցու­մը։ Իր կար­գին, Նալ­պան­տեանն ալ շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց ըն­դու­նե­լու­թեան հա­մար ու նշեց, թէ այ­ցե­լու­թեան նպա­տակն է քննար­կել Սլո­վե­նիոյ հետ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան խո­րաց­ման ուղ­ղու­թեամբ հա­մա­տեղ ձեռ­նար­կուե­լիք քայ­լե­րը։

Զրոյ­ցի տե­ւո­ղու­թեան անդ­րա­դարձ կա­տա­րուե­ցաւ քա­ղա­քա­կան երկ­խօ­սու­թեան աշ­խու­ժաց­ման, ա­ռեւտ­րատն­տե­սա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան խո­րաց­ման ու­ղի­նե­րուն, գոր­ծա­րար հա­մա­ժո­ղով­նե­րու կազ­մա­կերպ­ման, ի­րա­ւա­պայ­մա­նագ­րա­յին դաշ­տի ընդ­լայն­ման, մշա­կու­թա­յին, գի­տակր­թա­կան բնա­գա­ւառ­նե­րէ ներս հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան խո­րաց­ման հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րուն։

Ա­ւե­լի վերջ կար­ծիք­ներ փո­խա­նա­կուե­ցան տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին խնդիր­նե­րու եւ ա­նոնց կար­գա­ւոր­ման հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րուն շուրջ։ Այս ամ­բող­ջին մէջ Նալ­պան­տեան ներ­կա­յա­ցուց Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախնդ­րի խա­ղաղ կար­գա­ւոր­ման ուղ­ղու­թեամբ Հա­յաս­տա­նի եւ մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թեան կող­մէ գոր­ծադ­րուող ջան­քե­րը։ Սլո­վե­նիոյ նա­խա­գա­հը վե­րա­հաս­տա­տեց ա­ջակ­ցու­թիւ­նը՝ ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գա­հու­թեան շրջա­նակ­նե­րէն ներս եւ ա­նոր ա­ռա­ջարկ­նե­րուն հի­ման վրայ ղա­րա­բա­ղեան հիմ­նախնդ­րի կար­գա­ւոր­ման ուղ­ղու­թեամբ։

Ան միեւ­նոյն ժա­մա­նակ խնդրեց իր ող­ջոյն­ներն ու բա­րե­մաղ­թան­քը փո­խան­ցել Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նին։

Լիուպ­լիա­նա­յի մէջ Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան տե­սակ­ցե­ցաւ նաեւ Սլո­վե­նիոյ Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի նա­խա­գահ Մի­լան Պրկլէ­ժի եւ Փոխ-վար­չա­պետ ու ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Քարլ Է­րիա­վէ­ցի հետ։ Եր­կու ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­նե­րը բա­րե­կա­մա­կան գնա­հա­տե­ցին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը։ Ա­նոնք յոյս յայտ­նե­ցին, թէ այ­ցե­լու­թիւ­նը նոր թափ մը կու տայ երկ­կող­մա­նի հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան զար­գաց­ման։ Նալ­պան­տեան եւ Է­րիա­վէց պայ­մա­նա­ւո­րուե­ցան հա­մա­տեղ ջան­քեր գոր­ծադ­րել՝ քա­ղա­քա­կան երկ­խօ­սու­թեան աշ­խու­ժաց­ման, մի­ջազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու մօտ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան սեր­տաց­ման, ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թիւն­նե­րուն մի­ջեւ պար­բե­րա­կան խորհր­դակ­ցու­թիւն­նե­րու կազ­մա­կերպ­ման, ա­ռեւտ­րատն­տե­սա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան զար­գաց­ման նպա­տա­կով։

Նա­խա­րար­նե­րը անդ­րա­դար­ձան Հա­յաս­տան-Եւ­րո­միու­թիւն հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան։ Այս ծի­րէն ներս Նալ­պան­տեան վե­րա­հաս­տա­տեց Հա­յաս­տա­նի պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւ­նը՝ հիմ­նուե­լով ԵՄ-ի հետ վեր­ջին տա­րի­նե­րուն ըն­թաց­քին ար­ձա­նագ­րուած ձեռք­բե­րում­նե­րուն հի­ման վրայ՝ խո­րաց­նե­լու հա­մա­պար­փակ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը հնա­րա­ւոր բո­լոր ուղ­ղու­թիւն­նե­րով՝ հա­շուի առ­նե­լով Հա­յաս­տա­նի պար­տա­ւո­րու­թիւն­նե­րը այլ մի­ջազ­գա­յին, հա­մարկ­ման ձե­ւա­չա­փե­րուն մէջ։

Նա­խա­րար­նե­րու զրոյ­ցին ըն­թաց­քին եւս օ­րա­կար­գի վրայ ե­կաւ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախն­դի­րը։ Նալ­պան­տեան ներ­կա­յա­ցուց կար­գա­ւոր­ման գոր­ծըն­թա­ցի վեր­ջին զար­գա­ցում­նե­րը, Հա­յաս­տա­նի եւ ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի ե­ռա­նա­խա­գահ­նե­րուն ջան­քե­րը՝ ուղ­ղեալ հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման։ Սլո­վե­նիոյ փոխ-վար­չա­պե­տը վե­րա­հաս­տա­տեց իր երկ­րի ան­վե­րա­պահ ա­ջակ­ցու­թիւ­նը ի նպաստ ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րու ա­ռա­ջարկ­նե­րուն հի­ման վրայ ղա­րա­բա­ղեան հիմ­նախնդ­րի խա­ղաղ կար­գա­ւոր­ման։

Կող­մե­րը կար­ծիք­ներ փո­խա­նա­կե­ցին շարք մը մի­ջազ­գա­յին եւ տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին հրա­տապ խնդիր­նե­րու շուրջ։ Ա­նոնք խօ­սե­ցան Ուք­րայ­նոյ ճգնա­ժա­մին, Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քի վե­րա­բե­րեալ գոր­ծըն­թաց­նե­րուն եւ Ի­րա­նի մի­ջու­կա­յին ծրագ­րին շուրջ։

Բա­ցի Սլո­վե­նիոյ ղե­կա­վա­րու­թեան հետ ու­նե­ցած հան­դի­պում­նե­րէն՝ Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան ծա­ւա­լուն ե­լոյ­թով մըն ալ հան­դէս ե­կաւ Լիուպ­լիա­նա­յի հա­մալ­սա­րա­նին մէջ, Ե­րե­ւա­նի ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան մա­սին։

Միւս կող­մէ, Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան այ­սօր Վիեն­նա­յի մէջ կը մաս­նակ­ցի ԵԱՀԿ-ի Մշտա­կան խոր­հուր­դի յա­տուկ նիս­տին, ո­րու ըն­թաց­քին հան­դէս կու գայ ե­լոյ­թով մը։ ԵԱՀԿ-ի մամ­լոյ ծա­ռա­յու­թեան հա­ղոր­դում­նե­րով, Ե­դուարդ Նալ­պան­տեա­նի ե­լոյ­թը բաց պի­տի ըլ­լայ զան­գուա­ծա­յին լրա­տուու­թեան մի­ջոց­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հա­մար։  

Չորեքշաբթի, Մարտ 11, 2015