ԶԱՐԳԱՑՆԵԼ ԿԱՊԵՐԸ
Յունաստանի Արտաքին գործոց նախարար Նիքոս Քոցիաս երէկ աւարտեց իր պաշտօնական այցելութիւնը դէպի Երեւան։ Օրուան տեւողութեան ան բանակցութիւններ վարեց Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի հետ, նաեւ հիւրընկալուեցաւ Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ։ Երեւանի Պետական համալսարանէն ներս հիւր նախարարին շնորհուեցաւ պատուակալ տոքթորի կոչում։ Համալսարանի վերատեսուչը՝ Արամ Սիմոնեան յանձնեց համապատասխան վկայականը։
Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, հիւր նախարարին հետ զրուցելու ընթացքին Սերժ Սարգսեան նշեց, որ Հայաստան կը փափաքի աւելի խորացնել եւ ընդլայնել համագործակցութիւնը Յունաստանի հետ։ Քոցիասն ալ նման համոզումներ յայտնելով շեշտեց, որ Աթէնքի ղեկավարութիւնը ունի համապատասխան քաղաքական կամք։ Ըստ իրեն, գոյութիւն ունին բոլոր հնարաւորութիւնները՝ որպէսզի Յունաստանի եւ Հայաստանի միջեւ հաստատուին ռազմավարական յարաբերութիւններ եւ ռազմավարական գործընկերութիւն։
Սերժ Սարգսեան ընդգծեց, թէ հայոց եւ յունաց առընչութիւնները ունին հազարամեակներու պատմութիւն, որ լի է բարեկամութեան բազմաթիւ դրսեւորումներով։ Այդ հիման վրայ՝ Հայաստանի անկախացումէն ի վեր անցած քսանհինգ տարիներուն երկու պետութիւնները ձեւաւորած են սերտ բարեկամական յարաբերութիւններ։