ՄԻՋՆՈՐԴՆԵՐՈՒ ՈՐՈՆՈՒՄՆԵՐԸ
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան երէկ յայտարարեց, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները Մարտի 27-ին պիտի այցելեն Երեւան։ Ինչպէս ծանօթ է, եռանախագահները այս շաբաթավերջին կ՚այցելեն Պաքու եւ յայտարարուած էր, թէ անոնք այլ ժամանակ մը պիտի այցելեն Հայաստան։ Ըստ երեւոյթին, շատ կարճ ժամանակամիջոցի մը ընթացքին արդէն յայտնի դարձած է անոնց Հայաստան կատարելիք ուղեւորութեան ժամկէտը։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Եդուարդ Նալպանտեան երէկ Երեւանի մէջ տեղեկացուց, որ միջնորդները Մարտի 27-ին պիտի այցելեն Հայաստան։ Անոնք պիտի ըլլան նաեւ Արցախի մէջ։ «Պէտք է փորձենք շարունակել բանակցութիւններու համար համապատասխան պայմաններ ստեղծելու գործընթացը», ըսաւ Նալպանտեան։ Նախարարին խօսքերով, նախ եւ առաջ պէտք է բացառուին այն իրադարձութիւնները, որոնք տեղի ունեցան նախորդ տարուան Ապրիլին։ Պէտք է աւելի բարենպաստ պայմաններ ստեղծուին բանակցային գործընթացին համար։
Յունաստանի Արտաքին գործոց նախարար Նիքոս Քոցիասի հետ սարքած համատեղ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Եդուարդ Նալպանտեան ըսաւ. «Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման ուղղեալ բանակցութիւնները չեն ընթանար, որովհետեւ անցեալ տարուան Ապրիլին Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի ժողովուրդին դէմ կատարուած բռնութիւնը շատ լուրջ հարուած մը հասցուց բանակցային գործընթացին։ Այդ իսկ պատճառով է, որ Հայաստան եւ եռանախագահ երկիրները կը շարունակեն քայլերու ձեռնարկել, որպէսզի հնարաւոր ըլլայ պայմաններ ստեղծել բանակցութիւնները յառաջ տանելու համար։ Այդ իսկ նպատակին միտուած էին Վիեննայի եւ Սեն Փեթերսպուրկի գագաթաժողովները։ Ակնյայտ է, որ Հայաստանն ու եռանախագահները կը խօսին մէկ լեզուով, Ատրպէյճան՝ մէկ այլ։ Ատրպէյճան կը հրաժարի կեանքի կոչելէ Վիեննայի եւ Սեն Փեթերսպուրկի պայմանաւորուածութիւնները», ըսաւ Նալպանտեան։
Իր յայտարարութիւններուն տեւողութեան Նալպանտեան աւելցուց՝ երբ պայմանաւորուածութիւններ ձեռք կը բերուին, սակայն յետոյ Ատրպէյճան կը հրաժարի զանոնք կեանքի կոչելէ, հարց կը յառաջանայ. արդեօք այդ երկիրը պատրա՞ստ է խաղաղ կարգաւորման, արդեօք կը փափաքի՞ հիմնախնդրի կարգաւորումը բանակցութիւններու ճանապարհով։ Այնուամենայնիւ, նախարարը ընդգծեց, որ հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման եւ բանակցութիւններուն համար այլընտրանք չկայ։
Իր կարգին, Քոցիասն ալ յայտնեց, որ Յունաստան կը սատարէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման ուղղեալ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու ջանքերուն։
Միւս կողմէ, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա երէկ յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին շուրջ։ Ըստ իրեն, Մոսկուա մտադիր է շարունակել միջնորդական առաքելութիւնը Մինսքեան խմբակի միւս համանախագահներուն՝ Ուաշինկթընի եւ Փարիզի հետ։ Ռուսական կողմը միջնորդական առաքելութիւնը պիտի շարունակէ այն հինգ համատեղ յայտարարութիւններուն հիման վրայ, որոնք ընդունուած են Ռուսաստանի, ԱՄՆ-ի եւ Ֆրանսայի նախագահներուն կողմէ։ «Այդ փաստաթուղթերուն մէջ կը խօսուի Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը բռնի ուժով կարգաւորելու անթոյլատուութեան մասին։ Անոնք կոչ կը պարունակեն Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարութիւններուն՝ վիճելի հարցերը կարգաւորել ուժի կամ ուժի սպառնալիքի չկիրառման, պետութիւններու տարածքային ամբողջականութեան եւ ազգերու ինքնորոշման իրաւունքի հիման վրայ։ Ղարաբաղեան հակամարտութեան մէջ կարգաւորման գործընթացի յառաջընթացին համար ռուսական կողմը ջանքեր պիտի գործադրէ համաձայնեցուած մօտեցումներու շրջանակներէն ներս՝ հաշուի առնելով Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի հետ Մոսկուայի սերտ յարաբերութիւնները», ըսաւ Մարիա Զախարովա։
Բաց աստի, Զախարովա յիշեցուց նախապէս կնքուած համաձայնագրերուն մէջ Ռուսաստանի ունեցած դերակատարութիւնը։ Արդարեւ, ցայսօր անոնք կարեւոր կէտեր կը համարուին խնդրի կարգաւորման հարցին մէջ։ «Նախորդ բոլոր համաձայնագրերուն հետեւիլը կարեւոր քայլ է ղարաբաղեան կարգաւորման հարցին մէջ կայուն խաղաղութեան հասնելու ճանապարհին», ըսաւ Զախարովա։