ՀԱԿԱՔԱՂԱՔԱԿԱՆ, ՀԱԿԱՀԱՄԱԿԱՐԳԱՅԻՆ

Հայաստանի ներքին քաղաքական տագնապը նորանոր դրսեւորումներով կը շարունակուի՝ յետպատերազմեան ծանր իրավիճակի մէջ, օրէ օր խորացնելով պետութեան գոյատեւման առջեւ ծառացած սպառնալիքները։

Վերջին շուրջ երկու շաբթուան ընթացքին ճգնաժամային կացութեան առանցքային երեւոյթներէն մին դարձած էր երկրի զինեալ ուժերուն եւ կառավարութեան միջեւ յառաջացած լարուածութիւնը։ Հայաստանի Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահութիւնը՝ բանակի ամբողջ բարձրաստիճան հրամանատարական կազմը զգայացունց յայտարարութիւնով մը պահանջած էր վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կառավարութեան հրաժարականը։ Այդ յայտարարութենէն անմիջապէս վերջ Փաշինեան հրամանագիր մը ստորագրած էր Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Օննիկ Գասպարեանը պաշտօնազրկելու համար, սակայն Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան այդ մէկը չէր վաւերացուցած։ Յաջորդող ամբողջ ժամանակահատուածին այս խնդիրը մնաց առանցքային՝ մինչ թէ՛ ընդդիմութիւնը եւ թէ իշխանութիւնը  իրադարձութիւններուն ներգրաւուեցան՝ շահարկումներէ առանց խուսափելու։ Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան այս բարդ իրավիճակին մէջ փորձեց գործել լայնախարիսխ խորհրդակցութիւններու մօտեցումով, սակայն, վերջին հաշուով ան ալ որոշ հակասութեան մը տպաւորութիւնը թողեց հանրային կարծիքի մօտ։ Ի վերջոյ, երէկուան դրութեամբ այս խնդիրը արդէն նոր հարթութիւն մը թեւակոխեց։ Արմէն Սարգսեան, որ զօրավար Օննիկ Գասպարեանի պաշտօնազրկման հաւանութիւն չտուաւ, ուղղակիօրէն այդ նիւթով Սահմանադրական ատեան ալ չդիմեց։ Այսպէսով գործնականօրէն Փաշինեանի հրամանագիրը իրաւունքի ուժով դարձաւ ի զօրու։ Բայց եւ այնպէս, այս կէտին վրայ կան շատ էական նրբութիւններ, որոնք ակնյայտ կը դարձնեն, թէ անկարելի է վերջնական յաղթող մը նկատել ներկայ պայմաններով։

Զօրավար Օննիկ Գասպարեան երէկ տեղեկացուց, որ Հայաստանի Վարչական ատեանին մօտ դիմում ներկայացուցած է՝ վիճարկելու համար իր պաշտօնանկութեան հարցը։ Ան այս առթիւ հանդէս եկաւ նաեւ յայտարարութիւնով մը ու տեղեկացուց, որ դատարան դիմած է՝ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Սահմանադրութեան եւ իրաւունքի գերակայութիւնը ապահովելու եւ ուժը բացառապէս իրաւունքի հիման վրայ իրացնելու նպատակով։ Ան ընդգծեց, որ իր ծառայութիւնը հայրենիքին եւ հայ ժողովուրդին այլ կարգավիճակով մը պիտի շարունակէ։ Զինուորականութեան կոչ ուղղելով՝ ան ըսաւ. «Զինեալ ուժերու բացառիկ առաքելութիւնը հայրենիքի անվտանգութեան ապահովումն է։ Ուստի, կը յորդորեմ շարունակել ձեր անձնուրաց եւ ազգանուէր ծառայութիւնը բացառապէս հայրենիքին եւ ժողովուրդին՝ յանուն զինեալ ուժերու զարգացման եւ Հայաստանի ու Արցախի հզօրացման»։

Օննիկ Գասպարեան կրկնեց, որ իր պաշտօնազրկումը հակասահմանադրական է. բան մը, որ շուրջ երկու շաբաթ առաջ մատնանշուած էր նաեւ Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի կողմէ։

Նիկոլ Փաշինեան երէկ հրամանագիր մը ստորագրեց, որպէսզի նոր ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ նշանակէ զօրավար Արտակ Դաւթեանը։ Այս հրամանագիրը հասած է նախագահական ապարանք։ Արմէն Սարգսեանի աշխատակազմը տեղեկացուց, որ եռօրեայ ժամկէտով այդ հրամանագիրը կը վաւերացուի։ Իրականութեան մէջ զօրավար Արտակ Դաւթեան բաւական վիճելի անուն մըն է։ Մօտաւոր անցեալին ան միջոց մը վարած էր ընդհանուր սպայակոյտի նախագահի պաշտօն։ Համաճարակի պայմաններով իր որդւոյն համար բազմամարդ հարսանիքի հանդիսութիւն մը կազմակերպած ըլլալուն բերումով՝ ան պաշտօնազրկուած էր Փաշինեանին կողմէ։ Արցախի վերջին պատերազմի շրջանին հաղորդուած էր, որ զօրավար Արտակ Դաւթեան յատուկ առաքելութեամբ ուղարկուած է ռազմաճակատի հարաւային հատուածը, ուր հայկական կողմը ճակատագրական պարտութիւններ կրեց։ Հայաստանի զինուորական շրջանակները այդ ժամանակ Արտակ Դաւթեանի նշանակումը ծայր աստիճան վերապահութեամբ ընկալած էին։ Յաջորդող ժամանակաշրջանին միշտ շրջանառութեան մէջ մնացին հաղորդումներ, ըստ որոնց Արտակ Դաւթեան հայկական զինեալ ուժերու զարգացման ուղղեալ ծրագիրներուն առանցքը ինքնակամ փոփոխութեան ենթարկած էր։ Այս բոլորը, անշուշտ, քննարկելի հարցեր են։ Բայց եւ այնպէս, առարկայական փաստը այն է, որ առկայ տագնապալի կացութեան մէջ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հերթական անգամ հաւասարակշռութենէ հեռու քայլ մը առած է՝ աւելի առաջ պաշտօնազրկած անձը դարձեալ նոյն պաշտօնին գլուխը բերելով։ Արտակ Դաւթեանի ներկայ նշանակումն ալ զինուորական շրջանակներու կողմէ միանշանակ չէ ընկալուած։ Յամենայնդէպս, նոր ընդհանուր սպայակոյտի նախագահի նշանակման համար հրամանագիր մը ստորագրելէ վերջ, Նիկոլ Փաշինեան շտապեց այցելել Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւն։ Ան մէկտեղուեցաւ Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահութեան բարձրաստիճան հրամանատարներուն հետ։ Մեկնաբաններու կարծիքով՝ այդ տեսքը վարչապետին տեսակէտէ շատ կենսական էր՝ հանրութեան մօտ տպաւորութիւն ստեղծելու համար, թէ բանակը իր վերահսկողութեան տակ է եւ իրեն հնազանդ։ Մինչ նոր ընդհանուր սպայակոյտի նախագահի նշանակման վաւերացումը, արդէն գործի անցած է պաշտօնակատար մը։ Իսկ զօրավար Օննիկ Գասպարեանի գործնականօրէն հեռանալուն զուգահեռ, Հայաստանի զինեալ ուժերու ղեկավար կազմը վերահաստատեց բանակին կողմէ շուրջ երկու շաբաթ առաջ կատարուած յայտարարութեան բովանդակութիւնը։ Այս առթիւ ընդգծուեցաւ, որ Հայաստանի բանակի ղեկավար կազմը կը միանայ զօրավար Օննիկ Գասպարեանի պատգամին եւ կը հաստատէ երկրի առկայ վիճակին վերաբերեալ մինչ այդ տրուած գնահատականները։ Բարձրաստիճան հրամանատարները տեղեկացուցին նաեւ, որ զօրավար Օննիկ Գասպարեանի յորդորները կ՚ընդունին՝ որպէս յանձնարարական։

Բանակի վերաբերեալ այս իրադարձութիւնները երէկ արձագանգ գտան նաեւ «Հայրենիքի փրկութեան շարժում» ընդդիմադիր խմբաւորման հերթական հանրահաւաքին ժամանակ։ Շարժման կողմէ վարչապետի թեկնածու առաջադրուած Վազգէն Մանուկեան յայտնեց, որ բանակը եղած է օրինապաշտ, իսկ եթէ ինքը ըլլար՝ այդպէս չէր ըներ։ «Ես եթէ Օննիկին տեղը ըլլայի, կը ձերբակալէի Նիկոլ Փաշինեանը։ Ինքը չգնաց այդ քայլին։ Բայց պարզուեցաւ, որ Նիկոլ Փաշինեան տակաւին չէ յաղթած», ըսաւ Վազգէն Մանուկեան եւ ընդգծեց, որ իրենք անդրդուելի կը մնան իրենց համոզման մէջ. Նիկոլ Փաշինեան վտանգ է երկրին դէմ։ Թէ ի՞նչ կը սպասէ հիմա Հայաստանի բանակին եւ ի՞նչ կ՚ուզէ Փաշինեան։ Ըստ Վազգէն Մանուկեանի, վարչապետը պիտի ուզէ դուրս հանել այն բոլոր հրամանատարները, որոնք ստորագրած են այն յայտարարութիւնը, որով իր հրաժարականը պահանջուած է։ «Ինքը պիտի ուզէ բանակը ջարդել», ըսաւ Վազգէն Մանուկեան եւ կոչ ուղղեց միւս բարձրաստիճան զինուորականներուն՝ չենթարկուիլ ապօրինի հրամաններու։ «Ես օրինապաշտ մարդ եմ, բայց համոզուած եմ, որ կան հարցեր, որոնք օրէնքէն ալ բարձր են։ Եթէ դուն կը զգաս, որ հայրենիքդ վտանգի առջեւ կանգնած է եւ հայրենիքդ կը կորսնցնես, այդ պարագային պիտի ընես այն, ինչ որ կը թելադրէ իրավիճակը», ըսաւ Վազգէն Մանուկեան եւ աւելցուց, որ իրենք պայքարը պիտի շարունակեն։

Ստեղծուած իրավիճակին մէջ Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանն ալ կը շարունակէ զանազան նախաձեռնութիւններով հանդէս գալ՝ քննարկելու համար առկայ տագնապալի կացութեան յաղթահարման հնարաւորութիւնները։ Ան ներկայիս հետամուտ է այս շաբաթավերջին խորհրդակցութեան սեղանի մը շուրջ համախմբելու երկրի հիմնական դերակատարները։ Այսպէս, Արմէն Սարգսեան ժողովի հրաւիրած է վարչապետը, խորհրդարանական խմբակցութիւններու ղեկավարները եւ «Հայրենիքի փրկութեան շարժման» առաջնորդները։ Նախագահի գրասենեակը համապատասխան յայտարարութեան մէջ մատնանշած է, որ երկրէն ներս քաղաքական տագնապը կը շարունակուի, իրավիճակը կը մնայ լարուած։ Այս բոլորը կրնան անկանխատեսելի եւ անդառնալի հետեւանքներ ունենալ պետութեան համար։ Խնդիրները շատ են եւ անոնց լուծումը կը պահանջէ նաեւ հրատապ ու համակարգային փոփոխութիւններ՝ ներառեալ սահմանադրական եւ օրէնսդրական։ Պետութեան եւ ժողովուրդի շահերուն տեսակէտէ՝ իրավիճակի հանգուցալուծումը այլեւս անյետաձգելի եւ հրամայական պահանջ մըն է։ Այս բոլորի հիման վրայ Արմէն Սարգսեան վերահաստատած է իր համոզումը, թէ տարաձայնութիւններու կարգաւորման միակ ուղին երկխօսութիւնն է եւ Հայաստանի ու Արցախի զարգացման միակ ճանապարհը՝ ջանքերու եւ հնարաւորութիւններու համախմբումը։ Ըստ նախագահին, իշխանութիւնը, խորհրդարանական ու արտախորհրդարանական քաղաքական ուժերը քանիցս արտայայտած են իրենց դիրքորոշումները, սակայն կը բացակայի փոխադարձ ըմբռնումը եւ իրարու ընդառաջ երթալու ցանկութիւնը, յաճախակի դարձած են անհանդուրժողականութեան կոչերը։

Արմէն Սարգսեանի այս հրաւէրը առաջին հերթին քննադատական արձագանգ գտած է «Հայրենիքի փրկութեան շարժման» մօտ։ Արմատական ընդդիմութիւնը արդէն իրմէ յուսախաբ է՝ զօրավար Օննիկ Գասպարեանի պաշտօնազրկման հարցին վերաբերալ որդեգրած երկդիմի դիրքորոշման բերումով։

Տեւական հանրահաւաքներու մթնոլորտին մէջ քաղաքական բոլոր շրջանակներէն կը շարունակեն հնչել նաեւ ահազանգներ։ Երէկ, Հայաստանի խորհրդարանի ընդդիմադիր ուժերէն «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան երեսփոխան Միքայէլ Մելքումեան յայտնեց, որ ներկայ գործընթացը քաղաքական է։ Իրենք չեն պատրաստուիր հակասահմանադրական ճանապարհով ընթանալ, դանդաղ քայլերով պիտի հասուննայ հրաժարականի պահանջը։ Ըստ իրեն, պետական կառավարման համակարգը այս պահուն կազմալուծուած է։ «Երկրին մէջ իսկական իշխանութիւն չկայ, իսկ անիշխանականութիւնը յղի է պետականութեան կորուստի ամենաիսկական վտանգներու», ըսաւ ան։

Հայաստանի մամուլն ալ, բնականաբար, կը շարունակէ բոլոր երեսակներով մեկնաբանել առկայ տագնապը։ Այս ամբողջին մէջ վերլուծաբաններ կը փորձեն խորքային տեսակէտներ արտայայտել։ Այսպէս, շրջանառութեան մէջ են մեկնաբանութիւններ, ըստ որոնց անցեալ երեք տասնամեակներուն երկրի քաղաքական համակարգը միշտ անկումի մէջ գտնուած է եւ այդ անկումը բազմապատիկ արագ թափով շարունակուած է Նիկոլ Փաշինեանի իշխանութեան շրջանին։ Արդարեւ, Նիկոլ Փաշինեան հակաքաղաքական եւ հակահամակարգային երեւոյթ մըն է։ Մամուլը կը շեշտէ, որ այսօրուայ քաղաքական տագնապի հանգուցալուծումը անքննարկելիօրէն Փաշինեանի եւ իր իշխանութեան հեռացումն է։ Միշտ կը նշուի նաեւ, որ տագնապի յաղթահարման ամենահաւանական տարբերակը կը շարունակէ մնալ արտահերթ ընտրութիւնը։

Բաց աստի, Հայաստանի մամուլը կը գրէ, որ իշխանութիւնները կը պատրաստուին փոփոխութիւններ իրականացնել՝ ընտրութիւններու վերաբերեալ օրէնսդրութեան մէջ։ Այսպէս, նոր ընտրական օրէնսգիրք մը պատրաստուած է՝ կարեւոր փոփոխութիւններով։ Թերթերը խոշորացոյցի տակ կ՚առնեն այդ փոփոխութիւններու բոլոր մանրամասնութիւնները եւ հաւանական դրսեւորումները։

Հինգշաբթի, Մարտ 11, 2021