ԱՆԳԱՐԱՅԷՆ ՅԱՄԱՌ ՋԱՆՔԵՐ
Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմով ստեղծուած միջազգային մտահոգիչ իրադրութեան պայմաններուն ներքեւ, երէկ, Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, երկու ղեկավարները զրոյցի ընթացքին անդրադարձան տարածաշրջանային իրադարձութիւններուն եւ Թուրքիա-ԱՄՆ յարաբերութիւններու ընթացքին՝ ներառեալ Ռուսաստանի կողմէ Ուքրայնայի վրայ գործուած յարձակումին։ Նախագահ Էրտողան տեսակցութեան ընթացքին տեղեկացուց, որ Թուրքիա կը շարունակէ ջանքեր գործադրել՝ որպէսզի Ռուսաստանի եւ Ուքրայնայի միջեւ քաղաքական լուծում մը ապահովուի եւ տագնապը ա՛լ աւելի չխորանայ։ Այդ հաւանականութիւնը հաշուի առնելով Թուրքիա երկու կողմերուն հետ ալ խօսելու եւ լուծման որոնումները դիւրացնելու տեսակէտէ նպաստաւոր դիրքի մը վրայ գտնուիլը կը կարեւորէ։
Էրտողան յայտնեց, որ Թուրքիոյ կողմէ բացուած վստահութեան պատուհանին շնորհիւ, երէկ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Լաւրով եւ Ուքրայնայի Արտաքին գործոց նախարար Քուլեպա Անթալիայի մէջ հնարաւորութիւն ունեցած էին ուղղակի խօսակցութիւն ծաւալելու՝ թրքական կողմի տանտիրութեամբ, Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլուի մասնակցութեամբ։ Նախագահ Էրտողան Պայտընի հետ զրուցելու ժամանակ մատնանշեց այդ հնարաւորութեան կարեւորութիւնը։ Արդարեւ, այսպիսի հանդիպումի մը կազմակերպուիլն իսկ կը համարուի իսկոյն դիւանագիտական յաղթանակ մը։
Երկկողմանի համագործակցութեան վերաբերեալ նիւթերու շարքին Էրտողան ընդգծեց Թուրքիոյ ակնկալութիւնը, ըստ որու ամերիկեան կողմէն 40 նոր ռազմաօդանաւ գնել կը նախատեսուի եւ կը ծրագրուի նաեւ թրքական ռազմաօդային ուժերու «Ֆ-16» ռազմաօդանաւերու արդիականացումը։ Թրքական կողմը կ՚ակնկալէ, որ այս պահանջը ամենակարճ ժամանակի ընթացքին ունենայ արդիւնք մը։ Էրտողան համոզուած է, թէ պաշտպանութեան բնագաւառի ոլորտէն ներս Թուրքիոյ դէմ սահմանուած անարդար պատժամիջոցներու ջնջման ժամանակը վաղուց եկած է։
Ուաշինկթընի աղբիւրներն ալ երէկ յայտարարութիւններ կատարեցին Էրտողան-Պայտըն հեռախօսազրոյցին շուրջ։ Այսպէս, Սպիտակ տան բանբեր Ճեն Փսաքի յայտնեց, որ երկու նախագահներու տեսակցութիւնը եղած է շինիչ։ Ամերիկեան կողմը գոհունակութիւն յայտնած է Անթալիայի Դիւանագիտական ֆորումի շրջանակին մէջ Թուրքիոյ կողմէ կատարուած նախաձեռնութեան բերումով։ Սպիտակ տան բանբերը նախագահներու հեռախօսազրոյցը որակած է շինիչ ու երկար։ «Նախագահը բաւական գոհ է Թուրքիոյ դերակատարութենէն եւ դիւանագիտական բանակցութիւններ հիւրընկալելու երեւոյթէն», ըսաւ Փսաքի։
Բաց աստի, Ճեն Փսաքի հարցումի մը պատասխանելով յայտնեց, որ ամերիկեան կողմը կը խրախուսէ իր թուրք դաշնակիցներուն, ինչպէս նաեւ Իսրայէլն ու Ֆրանսան ներառեալ բազմաթիւ երկիրներու ղեկավարներուն Ռուսաստանի նախագահ Փութինի հետ ուղղակի շփման մէջ մտնելու ջանքերը։
Սպիտակ տան աղբիւրներուն կողմէ կատարուած հաղորդումներուն մէջ շեշտադրումներ կատարուեցան նաեւ թուրք-ամերիկեան երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացման ուղղութեամբ։ Էրտողան եւ Պայտըն երէկուան զրոյցի ընթացքին համակարծիք գտնուած են, որ Ռուսաստանի յարձակումները պէտք է ժամ առաջ կանգ առնեն։ Անոնք գոհունակութիւն յայտնած են, որ այս տագնապին դէմ կողմերը կ՚ընթանան համակարգուած ձեւով։ Պայտըն գոհունակութիւն յայտնած է խաղաղութեան ու կայունութեան հաստատման համար տարածաշրջանի ղեկավարներուն հետ Թուրքիոյ կողմէ վերջին շրջաններուն մշակուած շփումներուն կապակցութեամբ։
Ուքրայնայի իրավիճակը կը շարունակէ մնալ մտահոգիչ։ Երէկ Լաւրով-Քուլեպա տեսակցութեան ընթացքին հնարաւոր չէ եղած Անթալիայի մէջ համաձայնութեան հասնիլ հրադադարի մը հաստատման ուղղութեամբ։ Մինչ այդ, միջազգային շրջանակներն ալ կը շարունակեն ահազանգ հնչեցնել ստեղծուած իրավիճակին շուրջ։ ՄԱԿ զգուշացուց, որ Ուքրայնայէ ներս մարդասիրական կացութիւնը կը վատթարանայ թափով։ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի բանբերը՝ Սթեֆան Տիւժարիք երէկ յայտնեց, որ պատերազմի սկիզբէն ի վեր արդէն 1.9 միլիոն հոգի Ուքրայնայէ ներս պարտաւորուած է տեղահան ըլլալու։ Բաց աստի, «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, այս պատերազմին հետեւանքով Ուքրայնայէ ներս 18 միլիոն հոգի կրնայ մարդասիրական օժանդակութեան կարօտ վիճակի մատնուիլ։